Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կատարած Է Վրաստան

March 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 3 մարտին հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի, վարչապետ Կիորկի Կախարիայի, խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի, Թիֆլիսէն եւ Ջաւախքէն Վրաստանի պատրիարք Իլիա Բ.-ի եւ Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի բարձր գնահատեց երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները եւ նշեց, որ Փաշինեանի հանդիպումներն ու քննարկումները նոր խթան պիտի հանդիսանան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի նախագահը քննարկեցին հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր` շեշտելով կապերու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիայի հետ հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է չօգտագործուած մեծ ներուժ եւ երկկողմանի օրակարգի կարեւոր մաս է զայն լիարժէքօրէն օգտագործելը:

Հայաստանի վարչապետը ողջունելի նկատեց Վրաստանի այն դիրքորոշումը, որ բոլոր տագնապները պէտք է լուծուին խաղաղ ուղիով:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող քայլերը եւ այդ պարունակին մէջ անհրաժեշտ նկատեցին գործարար կապերու խորացման վերաբերող քայլերը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անջատ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի եւ համայն Վրաստանի պատրիարք Իլիա Բ.-ի հետ:

Նշենք, որ աւելի ուշ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վրաստանի հայ համայնքին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն, վիրահայերու հարցերուն, հայրենադարձութեան, Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական, քատրային քաղաքականութեան, փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն եւ հայութիւնը յուզող այլ հարցերու:

 

 

Նախորդը

Նաղդալեան. «Թուրքիան Չի Կրնար Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Գործընթացին Մէջ Դերակատարութիւն Ունենալ»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.