Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան. «Դաշնակցութեան Ծրագիրին Մէջ Կայ Փաստ Ու Այդ Փաստի Լուծման Ճամբայ»

March 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապառաժ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին (լրագրող` Լուսինէ Թեւոսեան) ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ ու պատգամաւորի թեկնածու Վահրամ Բալայեան հիմնաւորեց, թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը պէտք է վստահութեան քուէ տայ Դաշնակցութեան:

Հաստատելով, որ Դաշնակցութեան անպայման կարելի է վստահիլ, որովհետեւ անիկա ունի կենսագրութիւն, Բալայեան ըսաւ. «Կուսակցութիւն մը, որ մէկ դարու ընթացքին երկու անգամ վերակերտեց պետականութիւն: Կուսակցութիւն մը, որ գլխաւորեց ազգային ազատագրական պայքարը: Կուսակցութիւն մը, որ ծնաւ ժողովուրդին  պատուէրով` ժողովուրդը ազատագրելու համար»:

Ան շարունակեց. «Դաշնակցութիւնը չէ ստեղծուած ոեւէ մէկը պատգամաւոր դարձնելու համար: Այս կուսակցութիւնը չէ ծնած ոեւէ մէկը նախագահ դարձնելու: Այս կուսակցութիւնը ծնած է ծառայելու հայ ժողովուրդին, սպասարկելու հայ ժողովուրդին շահերը իր ծնած օրէն սկսեալ:  Ուշադիր հետեւեցէ՛ք ու կը տեսնէք, որ այս կամ այն հարցով  ժողովուրդը կը մեղադրէ Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ մեզմէ սպասելիքները շատ են: Իսկ որպէսզի սպասելիքները իրականութիւն դառնան, պէտք է Դաշնակցութեան տալ համապատասխան իրաւունքներ: Իրաւունքները եւ պարտականութիւնները պէտք է համարժէք ըլլան: Չի  կրնար պատահիլ, որ մարդ ունենայ պատասխանատուութիւն, բայց չունենայ իրաւունք»: Ան յայտնեց, որ այս առումով հանրութիւնը պէտք է գիտակցի, գնահատէ եւ որոշում տայ, որովհետեւ յառաջիկայ տարիներուն մենք ունինք նուաճելիք նոր բնագիծեր: Իսկապէս բարդ ժամանակահատուած կ՛ապրինք: «Մենք ստեղծած ենք մեր պետականութիւնը. ասիկա աննախադէպ հարստութիւն է, բազում սերունդներու երազանք է, բայց այս պետականութիւնը պէտք է պահել` ոչ պատեհապաշտութեամբ, նիւթապաշտութեամբ, պաշտօնասիրութեամբ: Այս պետականութիւնը պէտք է պահել երկիրը սիրելով, իր կողքինը  սիրելով, դրացին սիրելով ու յարգելով», դիտել տուաւ ան:

Ըստ Բալայեանի, Դաշնակցութեան մէջ եղած գործիչները ունին այդ որակները, որովհետեւ կուսակցութիւնը մաղ է, մրցակցութեան չդիմացողները դուրս կը մնան: Դաշնակցական ըլլալը դիւրին բեռ չէ, եւ ըստ արժանւոյն պէտք է վերաբերիլ այն մարդոց հետ, որոնք այդ բեռը իրենց ուսերուն կը կրեն: «Մենք միասին իսկապէս երկար ճամբայ ունինք անցնելիք: Միասին կերտեցինք յաղթանակը, այսօր այդ յաղթանակը պէտք է կերտենք խաղաղ կեանքին մէջ, բայց դաւադիր թշնամին միշտ հետամուտ է, որ խլէ մեր ձեռքէն խաղաղութիւնն ու անկախութիւնը: Դաշնակցութիւնը ահա այստեղ է, զինուոր է, կրնայ պաշտպանել այդ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ անկախութիւնը, որովհետեւ ըսելիք ունի աշխարհասփիւռ իր կառոյցներով», դիտել տուաւ ան:

Վահրամ Բալայեան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը կու տայ բազում ու բազմաթիւ հարցերու պատասխաններ: «Այստեղ ամբոխավարութիւն չկայ: Դաշնակցութեան ծրագիրին մէջ կայ փաստ ու այդ փաստի լուծման ճամբայ: Մենք կ՛առաջարկենք այդ ճամբան, եւ այդ ճամբան մենք կրնանք անցնիլ ժողովուրդին օժանդակութեամբ», եզրափակեց Բալայեան:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Երեւան, Թիֆլիս Եւ Պաքու Այցելութիւնը Մշակման Փուլի Մէջ Է

Յաջորդը

Նաղդալեան. «Թուրքիան Չի Կրնար Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Գործընթացին Մէջ Դերակատարութիւն Ունենալ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.