Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Մենք Արցախի Մէջ Ունինք Մեր Կայուն Ընտրազանգուածը Եւ Մեր Արժանի Տեղը Պէտք Է Ունենանք Արցախի Խորհրդարանին Մէջ»

March 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք «զերօ» քաղաքական նշանակութիւն ունեցող կուսակցութիւն չենք Արցախի մէջ եւ, յատկապէս, Արցախեան տագնապին կապուած ունինք լուրջ դերակատարութիւն: Ասոր կը կարծեմ, կը գիտակցին նաեւ Հայաստանի պաշտօնական շրջանակները», հաստատեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանը` «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Ան կը պատասխանէր լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք Դաշնակցութիւնը մտահոգ չէ՞, որ այս անգամ կրնայ դուրս մնալ Արցախի խորհրդարանէն, ինչպէս եղաւ Հայաստանի մէջ` նկատի առնելով նաեւ այն, որ Հայաստանի վարչապետը պարբերաբար քննադատութիւններ կ՛ուղղէ ՀՅԴ-ի հասցէին:

«Մենք Արցախի մէջ ունինք մեր կայուն ընտրազանգուածը եւ, կը կարծեմ, մենք այս անգամ եւս մեր արժանի տեղը պէտք է ունենանք Արցախի խորհրդարանին մէջ: Հայաստանեան զարգացումները հայաստանեան դաշտին մէջ են, Արցախեան զարգացումները` Արցախեան դաշտին մէջ», ըսաւ ան:

Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ` իբրեւ նախագահական թեկնածու, կը շարունակէ նաեւ հանդիպումները Արցախի տարբեր շրջաններու բնակչութեան հետ: Ան յիշեցուց, որ պաշտօնական քարոզարշաւի մեկնարկէն առաջ մտահոգութիւն յայտնած էին որոշ ուժերու կողմէ կանուխ մեկնարկած քարոզարշաւին վերաբերեալ, որուն պէտք է հետեւէին համապատասխան մարմինները` ընդգծելով, որ տարբեր ոլորտներու խնդիրներու լուծման վերաբերեալ առաջարկ կը ներկայացուին:

«Արցախեան տագնապին կապուած ունինք մեր ընդհանուր սկզբունքը, ռազմավարութիւնը, Արցախի պետականութեան միջազգային ճանաչումով վերջանականօրէն մայր Հայաստանի հետ վերամիաւորումը», ըսաւ ան:

Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի` կը ներկայացնեն նաեւ ընկերային- տնտեսական ծրագիրներ: Անդրադառնալով այն հարցումին` արդեօք Արցախի մէջ որոշ թեկնածուներ կաշառք կը բաժնե՞ն, ինչպէս մամուլին մէջ հրապարակումները կ՛ըսեն` Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց. «Եթէ մամուլին հետեւինք, արդէն զինուորական գործողութիւններ կ՛ընթանան, պատերազմ է: Սովորական քարոզարշաւ կ՛ընթանայ»:

Թղթակիցը հարց տուաւ, որ այս օրերուն Արցախի մէջ կատարուած Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը արդեօք քարոզարշաւի ծիրին մաս կը կազմէ՞` Իշխանեան պատասխանեց. «Բացարձակապէս` ո՛չ: Այդ խորհրդաժողովը նախապէս ծրագրուած էր: Քննարկուած են Արցախեան տագնապին, Ցեղասապանութեան ճանաչման, ջաւախահայութեան իրաւունքներու մասին հարցեր»:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Տիապ. «Կառավարութիւնը Լիբանանի Ապագայի Պատկերը Կերտող Կարեւոր Որոշում Մը Պիտի Տայ»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Աւարտեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Հնգօրեայ Համաժողովը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.