29 փետրուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ թաղումը Համազգայինի շքանշանակիր եւ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Արմէնեանին:
Թաղման արարողութեան նախագահեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով արտասանած դամբանականին մէջ անդրադարձաւ Սարգիս Արմէնեանի կենսագրականին` լուսարձակի տակ առնելով հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր ունեցած նուիրական ներդրումն ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ Սարգիս Արմէնեան Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան վերջին 50 տարիներու պատմութեան մէջ ունեցած է նշանակալից ներդրում, ինչպէս նաեւ Լիբանանի թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ մաս կազմած է Ազգային երեսփոխանական ժողովներուն, Ազգային վարչութիւններուն եւ տնտեսական խորհուրդներուն: Ան յայտնեց, որ Սարգիս Արմէնեանի համար ծառայութիւնը եղաւ հոգեկան գոհունակութեան աղբիւր, ամէնօրեայ ապրում ու տագնապ եւ աւելցուց, որ ան իր ստանձնած աշխատանքները տարաւ բացառիկ բծախնդրութեամբ:
Իր քարոզի աւարտին Շահէ սրբազան փոխանցեց Կիլիկիոյ աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառին ցաւակցութիւնները` հաստատելով, որ կաթողիկոսը Լիբանանի թեմի առաջնորդութեան իր ստանձնած ժամանակահատուածին մօտէն ճանչցած է Սարգիս Արմէնեանը ու անոր գործունէութիւնը թեմին մէջ եւ այս առիթով վեհափառը յետ մահու հանգուցեալին շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այս առիթով Հայաստան Համահայկական հիմնադրամ»-ի տնօրէն Հայկակ Արշամեանի ցաւակցագիրը փոխանցեց Արմէնեանի հարազատներուն: Յայտնենք, որ Սարգիս Արմէնեան երկար տարիներէ ի վեր եւ մինչեւ իր մահը ձեռնհասօրէն վարեց «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ի Լիբանանի Կեդրոնական մարմնի ատենապետի պաշտօնը: Ան Համազգայինի ու կուսակցական իր աշխատանքներու կողքին, երկար տարիներ մաս կազմեց նաեւ Ճիպէյլի Միջազգային փառատօնի տնօրէն խորհուրդին:
Ապա Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, դամբանական արտասանեց վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեան, որ անդրադարձաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մէջ Սարգիս Արմէնեանին ունեցած բեղուն ու կարեւոր գործունէութեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Համազգայինի Լիբանանի մեծ ընտանիքին դամբանական խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան վեր առաւ Սարգիս Արմէնեանի մեր հաւաքական կեանքին մէջ ունեցած ներդրումը, արժանիքները եւ վաստակը: (Զոյգ դամբանականները կը հրատարակենք յառաջիկային):





