Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Մէջ Ստեղծուած Է Արցախի Հետ Բարեկամութեան Շրջանակ

Մարտ 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 մարտ 2020-ին Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբին  նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախին նուիրուած ձեռնարկ մը: Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ աշխատանքային այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ  Ալեքսանեան մասնակցած է ձեռնարկին, որուն ընթացքին յայտարարուած է Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի ստեղծման մասին: Բարեկամութեան շրջանակի անդամ են Կիպրոսի խորհրդարանի, քաղաքային խորհուրդներու անդամներ, յայտնի քաղաքական գործիչներ եւ գիտնականներ:

Ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով` Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան բացատրեց Արցախի բարեկամներու շրջանակի կազմութեան դրդապատճառները եւ ապա յայտարարեց խմբակի անդամներուն անունները:

Իր ելոյթին ընթացքին Արցախի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու հանրապետութեան մէջ առկայ իրողութիւնները: Ան նաեւ նշեց տարբեր մակարդակներու վրայ արտաքին յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը` կարեւոր նկատելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան ձեւաչափը միջազգային հոլովոյթներուն մէջ Արցախի ներգրաւուածութեան ընդլայնման գործին մէջ:

Արմինէ Ալեքսանեան ընդգծեց շարք մը երկիրներու մէջ գործող Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու եւ շրջանակներու դերը` Արցախի մասին իրազեկուածութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու  հաստատման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման գործին մէջ: Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց փոխնախարարը յատկապէս կարեւոր նկատեց Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի ստեղծումը, որ կարելիութիւն պիտի տայ կեդրոնացնելու  ջանքերը` հաստատութենական մակարդակով ամրապնդելու եւ  զարգացնելու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստելու Կիպրոսի մէջ Արցախի ճանաչելիութեան բարձրացման եւ հանրապետութեան շահերու յառաջ մղման:

Արմինէ Ալեքսանեան բարձր գնահատեց սփիւռքի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը Արցախի մէջ զարգացման զանազան ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ գործուն աջակցութիւնը հանրապետութեան արտաքին կապերու հաստատման եւ ընդլայնման:

Նոյն օրը Արմինէ Ալեքսանեանը Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Կիպրոսի հայոց առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Կողմերը ընդգծած են նման ձեւաչափով հանդիպումներու  կարեւորութիւնը` համահայկական նշանակութեան հարցերու քննարկման համար:

Արմինէ Ալեքսանեան այցելեց նաեւ Նիկոսիոյ Նարեկ հայկական վարժարան, հանդիպում ունեցաւ վարժարանի ղեկավարութեան եւ սաներուն  հետ:

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Ազգային Ժողովի Պատգամաւորութեան Թեկնածուները Այցելեցին Շահումեանի Շրջան

Յաջորդը

Յունաստանի Նախագահը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?