ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հանդիպման մէջ որեւէ արտառոց բան չկայ, Հայաստան մտահոգ չէ, որովհետեւ Թուրքիա որեւէ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ: 4 մարտի խորհրդարանական նիստին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` պատասխանելով Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Սիմոնեանի հարցումին:
Պատգամաւորը նշեց, որ 2 օր առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպում ունեցան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ քննարկեցին որոշ հարցեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին առնչութեամբ. ան հարցուց. «Արդեօք մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեա՞կ եղած է հանդիպման մասին, եւ եթէ` այո՛, ապա ինչի՞ մասին խօսուած է եւ ի՞նչ քննարկուած»:
Նախարարը պարզաբանեց նշելով, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները կրնան հանդիպում ունենալ անդամ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Ըստ Մնացականեանի, անոնք իրենց գործառոյթը կը կատարեն:
«Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ մենք կ՛աշխատինք ամբողջական վստահութեամբ, եւ գիտենք` ինչ մօտեցումով կ՛աշխատին: Այդ առումով որեւէ արտառոց բան չկայ», շեշտեց Մնացականեան, ապա աւելցուց, որ ասիկա համանախագահներուն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին հանդիպումը չէ:
Մնացականեանի համաձայն, այս հանդիպումը նախորդներէն տարբեր էր անով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անկէ ետք հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որ որեւէ նոր միտք չէր պարունակեր, եւ որուն ի պատասխան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարութիւն հրապարակեց:
«Այս մօտեցումը բոլորին ծանօթ է: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութեամբ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծիրին մէջ կ՛արտայայտուի նաեւ Ազրպէյճանին ցուցաբերուող միակողմանի ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ, Թուրքիան չի կրնար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման մէջ որեւէ դերակատարութիւն ունենալ», յայտնեց Մնացականեան:
Նաղդալեան. «Կողմերը Տեղեկացուած Են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հանդիպումներուն Մասին»
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերը տեղեկացուած են տագնապի լուծման կարգավիճակ ունեցող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքային ծրագիրներուն ու հանդիպումներուն մասին:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան:
«Կողմերը, ընդհանուր առմամբ, տեղեկացուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքային ծրագիրին մասին, որ կը ներառէր նաեւ անոնց կապերը ԵԱՀԿ-ի մասնակից տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու հետ», ընդգծեց Նաղդալեան:




