Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Ազգային Ժողովի Պատգամաւորութեան Թեկնածուները Այցելեցին Շահումեանի Շրջան

March 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 մարտին ՀՅԴ-ի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեան եւ Ազգային ժողովի  պատգամաւորութեան թեկնածուներ  Արթուր Մոսիեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան  նախընտրական հանդիպումներ ունեցած են Շահումեանի շրջանի շարք մը գիւղական համայնքներու եւ շրջանային կեդրոն Քարվաճառի բնակիչներուն հետ:  Համայնքներու  ընտրողներուն հետ հանդիպումներէն առաջ,  Դաշնակցութեան թեկնածուները նախ ծաղիկներ զետեղած են  արցախեան ազատամարտին  նահատակուած  քաջորդիներուն նուիրուած  յուշակոթողներուն եւ յարգանքի  տուրք մատուցած անոնց յիշատակին:

Ընտրողներուն   հետ հանդիպումներու ընթացքին  թեկնածուները ներկայացուցած են Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրի հիմնադրոյթները, ապա անդրադարձած վերաբնակեցուող Շահումեանի շրջանը մտահոգող խնդիրներուն:  Այդ ծիրին մէջ   նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ ըստ Դաշնակցութեան տեսլականին, խորքային ու համակարգային  վերաբնակեցման քաղաքականութեան  գօտիին մէջ պիտի ընդգրկուի  Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը:

Նախագահի թեկնածուն անդրադարձած է ճամբաներու վերանորոգման, քաղաքաշինութեան եւ բնապահպանական խնդիրներու լուծումներուն, եւ որոնք Դաշնակցութեան նախընտրական  ծրագիրին համաձայն, բնական պաշարները խնայողաբար օգտագործելու շնորհիւ կարելիութիւն կ՛ընձեռեն նաեւ սերունդներուն փոխանցելու:

Շրջանի համայնքներուն բնակիչները հետաքրքրուած են նաեւ Դաշնակցութեան` ընկերային-տնտեսական, փտածութեան դէմ պայքարին, կրթամշակութային,  բազմազաւակ եւ երիտասարդ ընտանիքներու աջակցութեան, բնակարանաշինութեան, ինչպէս նաեւ արցախեան տագնապի լուծման, այդ ծիրին մէջ նաեւ ազատագրուած բնակավայրերու ճակատագիրին վերաբերող ծրագիրներով:

Նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան եւ պատգամաւորի թեկնածուներ  Ա. Մոսիեան ու Լ. Յովհաննիսեան  պատասխանելով ընտրողներու հարցադրումներուն, նշած են, որ Դաշնակցութիւնը  պարբերաբար հանդիպելով  բնակչութեան հետ, քաջատեղեակ  է հանրապետութեան բնակավայրերու  առանձնայատկութիւններուն ու խնդիրներուն: Անոնց հիմնական լուծումը Դաշնակցութիւնը կը տեսնէ նախընտրական ծրագիրին մէջ տեղ գտած դրոյթի շրջագիծին մէջ, ըստ որուն կը նախատեսուի Արցախի բոլոր բնակավայրերու համաչափ զարգացում եւ ներդրումներու համաչափ բաշխում:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Որոշեց «Եուրոպոնտ»-ի Պարտատոմսերուն Առումով Լիբանանի Նիւթական Պարտաւորութիւնը Առկախել` Ուղղուելով Պարտքը Վերադասաւորելու Ընտրանքին

Յաջորդը

Կիպրոսի Մէջ Ստեղծուած Է Արցախի Հետ Բարեկամութեան Շրջանակ

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.