Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերուն թիւը հասաւ 122-ի:
Այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ նոր վարակակիրները կապուած են արտադրամասին հետ, ուր աշխատողներէն մէկը ունէր ժահրը եւ կապի մէջ մտաւ ուրիշներու հետ: «Հաշուի առնելով արտադրամասի մեծութիւնը` վարակակիրներուն թիւը կրնայ աւելնալ», յայտնեց նախարարը: