Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՉ` ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

March 21, 2020
| Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համայն մարդկութիւնը այս օրերուն կը տառապի «քորոնա» ժահրի (կորոնավիրուս) յառաջացուցած տագնապով: Համաճարակը լուրջ է, ցարդ կը շարունակէ անսանձ տարածուիլ եւ կը վարակէ ու կը խլէ նկատառելի քանակով զոհեր:

Այս աղէտէն բնականաբար անմասն չի մնար նաեւ մեր ազգն ու հայրենիքը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, իր բոլոր միաւորներով` կազմակերպական շարքեր, Հայ Դատի գրասենեակներ ու յանձնախումբեր, երիտասարդական, ուսանողական կառոյցներ եւ ուղեկից միութիւններ` ՀՕՄ, Համազգային, ՀՄԸՄ, ինչպէս նաեւ համակիր կառոյցներով ու շրջանակով, իր ամբողջ կարողականութիւնը կը դնէ մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ, յատկապէս` Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց, առաւելագոյն աջակցութիւն ապահովելու պատրաստակամութեամբ:

Առ այդ, կոչ կ‘ուղղենք տարբեր գաղութներու ու համայնքներու մեր կառոյցներուն` առանց գաղափարական ու յարանուանական խտրութեան, յատուկ ճիգ թափել սպասարկելու մեր ժողովուրդի, եւ իմասնաւորի՝ անոր անապահով ու վտանգուած խաւի կարիքներուն։ Այս առումով արդէն իսկ որոշ աշխատանքներ իրականացուած են շատ մը համայնքներու մէջ եւ յաւելեալ թափով ալ պիտի ընդլայնուին:

Առաւել՝ հարիւր հազարաւոր տոլարի հասնող օժանդակութիւններ, ՀՕՄ-ի հետ գործակցաբար, արդէն հասցուցած ենք Հայաստան եւ Արցախ ու պիտի շարունակենք տրամադրել անհրաժեշտը: Այս ուղղութեամբ կապի մէջ ենք մեր զոյգ հանրապետութեանց համապատասխան պատկան մարմիններուն հետ: Արդ, կոչ կ’ուղղենք որ համահայկական օժանդակութեամբ մասնակցինք ՀՀ պետութեան կողմէ «քորոնա» ժահրի (կորոնավիրուս) վարակի կանխարգիլման և յաղթահարման նախաձեռնութեանը (մանրամասնութիւնները՝ http://www.moh.am/?fbclid=IwAR1f52Uq7hLdSvmCDKGurpOoLoE6znSGiOu5mXc2fYVOdbqxZDJwrHOikF0#1/1439 )։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ներկայ հանգրուանը կ‘ենթադրէ համազգային ճիգերու լարում եւ միասնականութիւն, կարգապահութիւն ու զգօնութիւն՝ յաղթահարելու համար մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց ծառացող վտանգը: Համոզուած ենք, որ համախմբուածութեամբ պիտի շրջանցենք այս հանգրուանը եւս: Կը վստահեցնենք բոլորին, որ մօտէն կը հետեւինք կացութեան ու անոր հոլովոյթին, անգամ մը եւս ընդգծելով, որ մեր ամբողջ կարողականութիւնը կը դնենք ի սպաս մեր ժողովուրդին:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
21 Մարտ, 2020 թ.

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Մարտ 2020)

Յաջորդը

Նեւրուզի տօնը, Քիւրտերու «Աբօ»ն եւ Կարօ Սասունին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.