Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

April 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ` 3 ապրիլ 2020-ին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար` Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին` յորդորելով ջնջել տալ Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը վերաբերի Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելի՛ն, յանձնախումբը կը պահանջէ տուն կանչել դեսպանը` իր անպատասխանատու քաղաքական դիրքորոշումին համար, որ կը հակասէ պաշտօնական Օթթաուայի խաղաղութեան եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած Քանատայի արտաքին քաղաքականութեան:

Նշենք, որ չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2020-ին Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպանատունը կատարած էր թուիթըրեան յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը շեշտուէր, որ Քանատան կ’աջակցի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքները: Սակայն, յայտարարութիւնը չէր հաստատուած Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Յղուած նամակին մէջ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը նշէր, որ Քանատան միշտ ալ հաւասարակշռուած մօտեցում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ` հիմնուելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դիրքորոշումներուն վրայ, որ հաստատուած է Միջազգային իրաւունքի Հելսինկեան պայմանագիրով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքի եզրափակիչ որոշումով:

Նամակին մէջ մասնաւորաբար շեշտուած էր, որ այս թուիթըրեան գրառումը խոտոր կը համեմատի Քանատայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն, ուստի պէտք է անյապաղ ջնջուի: Իսկ այսպիսի յայտարարութիւններ ժխտական անդրադարձ կ’ունենան ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական գետնի վրայ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք չէ արտօնէ իր արտասահմանեան դիւանագէտներուն, որ կառավարութեան դիրքորոշումներուն հակասող յայտարարութիւններ կատարեն:

Նշենք, որ վերոնշեալ նամակէն պատճէններ յղուած են նաեւ Քանատայի վարչապետին, փոխվարչապետին, խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Պատրաստ Է Ինքնապաշտպանութեան Անհրաժեշտ Գործողութիւններու»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.