Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Պատրաստ Է Ինքնապաշտպանութեան Անհրաժեշտ Գործողութիւններու»

Ապրիլ 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններու` միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն: Այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի կողմէ 5 ապրիլի զինադադարի դրութեան խախտման վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն` նախարարութիւնը մտահոգիչ նկատած է այն, որ միջադէպը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ զինադադարի դրութեան դիտարկման ժամանակաւոր դադրեցման լոյսին տակ եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ:

«5 ապրիլ 2020-ին ազրպէյճանական կողմը հերթական անգամ խախտած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւնը, որուն արդիւնքով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուոր մը վիրաւորուած է:

Մտահոգիչ է, որ այս դէպքը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ զինադադարի դրութեան դիտարկման ժամանակաւոր դադրեցման եւ այն պայմաններուն մէջ, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի «Քորոնա» ժահրին դէմ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները նման սադրանքներով  բացայայտ արհամարհանք կը ցուցաբերեն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի` ամբողջ աշխարհին մէջ  զինադադարի ապահովման կոչին` ամբողջ մարդկութեան ջանքերը ուղղելու համաշխարհային մարտահրաւէրին` «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման, ինչպէս նաեւ կ’անտեսեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` տագնապի կողմերուն ուղղուած  կոչերը` խստօրէն պահպանելու զինադադարի դրութիւնը եւ զերծ մնալ որեւէ սադրիչ գործողութիւններէ, որոնք կրնան այս բարդ ժամանակաշրջանին  բարձրացնել լարուածութեան մակարդակը:

Պաքուի ապակառուցողական վարքագիծը դարձաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու  անպատասխանատուութեան եւ յարձակողապաշտ  քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ պէտք է արժանանայ ամէնէն խիստ գնահատականին եւ դատապարտման:

Վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը` յարգելու զինադադարի եւ անոր ամրապնդման մասին համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղարի` ամբողջ աշխարհին մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու կոչին` Արցախի Հանրապետութիւնը յամառօրէն կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին իրականացնելու ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ հրաժարիլ սադրիչ գործողութիւններէ:

Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններու` միջազգային իրաւունքի արժէքներու եւ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

Յաջորդը

Արեւմտեան Հայաստանի Ծպտեալ Հայեր. Ատիամանի Հայերը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?