Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Յարգանքի Տուրք` Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին

April 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 2 ապրիլին, Հայաստանի եւ Արցախի պետական անձնաւորութիւններ յարգեցին 2016-ի ապրիլեան զինուորական  գործողութիւններուն ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն յիշատակը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` ընկերակցութեամբ հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինուորական ծառայողներուն` հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Դարմանեանի եւ Լիպարիտ Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկադի Անդրէասեանի: Բանակին մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք ուշադրութիւն գրաւած են իրենց մարտական բարձր պատրաստականութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, վիրաւորուած են մարտական գործողութիւններուն ընթացքին: Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին ապրիլեան պատերազմին նահատակուած հերոսներուն շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին անոնց յիշատակին:

«Եռաբլուր» այցելեցին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Վարչապետը ծաղիկներ զետեղեց ապրիլեան պատերազմի զոհերուն, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմներուն, ինչպէս նաեւ զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ:

«Եռաբլուր» այցելեցին նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Թալիշ գիւղ եւ ապրիլեան պատերազմի 4-րդ տարելիցին առիթով ծաղկեպսակ զետեղեց գիւղի յուշահամալիրին մէջ:

Նոյն օրը, նախագահ Սահակեան Թալիշի մէջ գլխաւորեց խորհրդակցութիւն մը պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ` պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի ներկայութեամբ: Քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձրացման առնչուող հարցեր:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հիմնաքարն Է»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Քանատայի Դեսպանատունը Դատապարտած Է Արցախի Ընտրութիւնները. Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պատասխանած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.