Պսակաձեւ ժահրի պատճառով ստեղծուած Ազդակի նոր աշխատակարգը նկատի ունի նաեւ լսրանային հանդիպումները առցանց հարթութեան վրայ տեղափոխել։ Լսարանին հեռակայ հետեւողներու նկատառելի թիւ սկսած էր «Ազդակ»-ի դիմատետրի ճամբով ներկայ ըլլալ լսարանային հանդիպումներուն։
«Ազդակ» կը նախաձեռնէ zoom ծրագիրով մամլոյ լսարանները կազմակերպել։ Մենք շուտով պիտի ունենաք առաջին առցանց լսարանը։ Այս աշխատանքը պիտի համակարգէ «Ազդակ»-ի ելեքտրոնային բաժնի աշխատակնցներէն Մինաս Հանս Քէհեանը, որ պիտի զեկուցէ մեր աշխատանքներու առցանց հարթութեան անցումի բովանդակային եւ թէքնիք խնդիրներուն մասին։
Առ ի նախապատրաստութիւն ի մեյլով կամ ուաթց ափով հրաւէր պիտի ուղարկուի լսարանի մասնակիցներուն ցանկին zoom ծրագիրին միանալու, հնարաւորութիիւն ունենալու համար ներկայ ըլլալու առցանց առաջին լսարանին, որուն թուականն ու ժամը շուտով կը փոխանցուին։



