ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 16 ապրիլին հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղեց Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:
«Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր աշխարհացրիւ միաւորներով ու հազարաւոր անդամներով կը շնորհաւորէ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնելու:
«Լիայոյս ենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի աննկուն ժողովուրդը պիտի արձանագրեն նորանոր նուաճումներ, հաստատելով ընկերային ու տնտեսական արդար համակարգ, սատարելով Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան` յանուն համազգային մեր ընդհանրական շահերուն, Արցախի յաղթանակով նուաճուած խաղաղութեան եւ հայոց արդար դատին ի խնդիր տարուած աշխատանքներուն յաջողութեան:
«Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս, Հայ օգնութեան միութիւնը, իր համահայկական կառոյցով – համայն հայաշխարհի կողքին – կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ մշտապէ՛ս սատար Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին:
«Թոյլ տուէ՛ք, պարոն նախագահ, մաղթելու ձեզի, ու բոլորի՛ս, ուժ, կորով եւ համբերութիւն` լաւագոյնս յաղթահարելու ներկայ բոլոր դժուարութիւնները եւ յօգուտ մեր ժողովուրդի բարօրութեան` իրականացնելու նորանոր յաջողութիւններ»:



