Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն` անոնցմէ խնդրելով, որ ստորագրեն Արցախի Հանրապետութեան տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան առաջարկը փրկելու նպատակով ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հեղինակած նամակին տակ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկէն հանել Արցախի վերապահուած նպաստը, որուն կ’ընդդիմանայ նաեւ Պաքուն:
Ծերակուտական Մենենտեզ նամակին մէջ կը շեշտէ, որ Արցախին յատկացուի առնուազն 1,5 միլիոն տոլար, իբրեւ մարդասիրական աջակցութիւն, որմէ մաս մը պիտի տրամադրուի նաեւ ականազերծման եւ վերականգնողական կեդրոններուն: Ծերակուտականներ Ճեք Ռիտ եւ Ռիչըրտ Պլումընթալ արդէն ստորագրած են նամակին տակ:
Նշենք, որ Հայ դատը փետրուարին ներկայացուցած էր 2021-ի պետական ամավարկին մէջ իր առաջնահերթութիւնները` կոչ ուղղելով քոնկրեսականներուն, որ նկատի ունենան հետեւեալները.
– Առնուազն 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Արցախին մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ամբողջացնելու համար «Հէյլօ Թրասթ»-ի կողմէ այնտեղ շարունակուող ականազերծման աշխատանքները.
– Առնուազն 90 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին` ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը.
– Արգիլել Ազրպէյճանին որեւէ տնտեսական աջակցութիւն, այնքան ատեն որ, որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին:



