Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փի. Սի. Ար.»-ի Անվճար Քննութիւն` Հայկական Առողջապահական Եւ Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոններու 65 Աշխատողներու

April 17, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` Ռըզըք  հիւանդանոցէն բժշկական խումբի եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) բժշկական բաժանմունքին հետ գործակցաբար, 16 ապրիլ 2020-ին կատարեց  «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւն հայկական առողջապահական եւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններուն մէջ աշխատող 65 անձերու:

Շրջուն տարրալուծարանին ճամբով Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կատարուած «Քորոնա»-ի ժահրի այս քննութեան վերահսկեց տուեալ հիւանդանոցի բժշկութեան բաժանմունքի տնօրէն տոքթոր Ճորճ Ղանըմ` ներկայութեամբ Շտապի պատասխանատու, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի, անոր անդամներուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի: Քննութեան արդիւնքները պիտի յստականան 24 ժամէն:

Այս առիթով Աւետիս Կիտանեան դրուատեց Ռըզըք  հիւանդանոցի եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը, որով լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւններ կը կատարուին շրջուն տարրալուծարանին ճամբով: Ան տեղեկացուց, որ Պուրճ Համուտի մէջ այս քննութեան ենթարկուեցան այն բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք կ’աշխատին հայկական բարեսիրական ու առողջապահական հաստատութիւններուն մէջ, եւ որոնք այս ժահրով վարակուելու վտանգի առաջին գիծի վրայ են:  Կիտանեան դիտել տուաւ, որ այս մէկը կատարուած է, որպէսզի բժիշկներն ու հիւանդապահները հոգեպէս հանգիստ ըլլան եւ գիտնան, որ այս ժահրով վարակուած չեն, նաեւ մտահոգ չըլլան այն հիւանդները, որոնք տուեալ բժիշկներուն կամ այդ կեդրոնները կ’այցելեն:

Աւետիս Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքները ժխտական ըլլան` հաստատելով, որ Շտապը պիտի շարունակէ անհրաժեշտ քայլերուն դիմել, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյնս հեռու պահել այս ժահրով վարակուելու վտանգը:

Մարտիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս շատ կարեւոր նախաձեռնութեան համար` մաղթելով, որ քաղաքացիները ինքնավստահութիւնը ունենան այս քննութիւնը կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ այս ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ առնել եւ վանել մտահոգութիւնները: Ան եւս կատարեց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնները Ձեռնարկած Են Դրամահաւաքի Աշխատանքի

Յաջորդը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարք Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.