Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Քաղաքապետարանը Դէմ Է Արամ Մանուկեանի Կենսագրական Տուեալներով Ցուցանակի Տեղադրման

Մայիս 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է եւ նշած, որ քանի ամիս առաջ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն դիմած էր Երեւանի քաղաքապետարանին` առաջարկելով Արամ Մանուկեանի արձանի դիմաց տեղադրել բազմալեզու ցուցանակ մը, որ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէր Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրին կենսագրականը:

Երեւանի քաղաքապետարանը մերժած է առաջարկը:

Հաղորդագրութեան մէջ հրապարակուած է թէ՛ առաջարկը պարունակող նամակը, թէ՛ քաղաքապետարանի պատասխանը:

Նախքան գրաւոր պատասխանը, քաղաքապետարանէն ուղղակի կապ  հաստատած են կոմիտէին հետ ու փորձած համոզել, որ այդ ցուցանակին կարիք չկայ, պատճառաբանելով.«Աշխարհին մէջ չկայ ոչ մէկ արձան, որուն կողքին տեղադրուած ըլլայ ցուցանակ` կենսագրական մանրամասնութիւններով: Զբօսաշրջիկը կրնայ «Կուկըլ»-ով որոնել եւ իր ուզած տուեալները կարդալ: Ինչո՞ւ կ՛ուզէք անպայման կուսակցականացնել Արամ Մանուկեանը»:

Իբրեւ պատասխան կոմիտէն յստակացուցած է.

  1. Նամակներու կողքին կը հրապարակենք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող արձաններու լուսանկարներ, ուր կ՛երեւին արձանը մարմնաւորող անձնաւորութեան մասին կենսագրական եւ այլ մանրամասնութիւններ:
  2. Իսկ ինչո՞ւ սպասել, որ զբօսաշրջիկը ի՛նք փորձէ տուեալներ որոնել Արամ Մանուկեանի մասին, երբ կարելի է այդ բոլորը հակիրճ հրամցնել ցուցանակով: Միթէ զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու հիմնական միջոցը զբօսաշրջիկին ամէն բան դիւրին հասանելի դարձնելը չէ՞:
  3. Եւ, վերջապէս, մեր առաջարկած գրութեան մէջ դուք ո՞ւր կարդացիք Դաշնակցութիւն բառը:

Քաղաքապետարանի գրաւոր պատճառաբանութիւններուն կարելի է ծանօթանալ պատասխան նամակէն:

«ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն այս հարցը չէր բարձրաձայներ, քանի որ մերժումի նամակը ստացուած էր համավարակի տարածման եւ արտակարգ դրութեան յայտարարութեան նախօրեակին: Սակայն վերջերս քաղաքային իշխանութեան` երկրին մէջ տիրող իրադրութենէն  կտրուած քննարկումները Մահաթմա Կանտիի արձանի տեղադրման մասին, մեզ մղեցին այս հարցը հրապարակաւ արծարծելու:

«ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն իր հերթին կը մերժէ քաղաքապետարանի մերժողական պատասխանը եւ պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ Արամ Մանուկեանի արձանի դիմաց ճարտարապետական չափանիշերուն համապատասխան ցուցանակի տեղադրման արտօնութեան ձեռքբերման: Այս իմաստով հրապարակաւ կը դիմենք Երեւանի Աւագանիի բոլոր խմբակցութիւններուն` այս հարցը քննարկելու Աւագանիի յաջորդ նիստին եւ հաստատելու ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի առաջարկը:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի պատասխան նամակին մէջ նշուած երկրորդ կէտին` Առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի ճակատին ցուցանակ տեղադրելուն, որ դարձեալ առաջարկած էինք քաղաքապետարանին եւ համաձայնութիւն ստացած, ապա էսքիզի պատրաստութեան աշխատանքները արդէն կ՛ընթանան, եւ շուտով նախագիծը պիտի ներկայացնենք քաղաքային իշխանութիւններուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 859-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 234-ի

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Հրապարակման Մէջ Յարգանքի Տուրք Չի Մատուցուիր Ցեղասպանութեան 1,5 Միլիոն Անմեղ Զոհերուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?