Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Այսօրուան Իշխանութիւնները Յստակ Ռազմավարութիւն Չունին Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Մասին»

Մայիս 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Ազգային ժողովի յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման  շուրջ եղած են քննարկումներ, որոնց շուրջ պարզապէս համաձայնութիւն չէ գոյացած: Ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին դժուարացաւ ըսել, թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր չէին խոստովանած, որ բանակցութիւններ եղած են:

«Վարչապետը յայտարարեց, որ մայիս 2018-էն սկսեալ Ղարաբաղի մասին ելոյթներուն մէկ նախադասութեան, ստորակէտի փոփոխութեան կարիք չէ զգացած. ասիկա հարց է, որովհետեւ այդ բոլոր ըսածները եթէ հաւաքենք, հակասական յայտարարութիւնններ մէջտեղ կու գան: Իսկ այդ մէկը ցոյց կու տայ, որ այսօրուան իշխանութիւնները ղարաբաղեան տագնապի լուծման մասին յստակ ռազմավարութիւն չունին», ըսաւ Մանոյեան:

Ան յիշեց նախորդ տարի Պրատիսլաւայի մէջ ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի ճշդած «կարմիր գիծերը»:

«Բայց այնտեղ գլխաւոր բացթողումը, որ անտեսուած է այն փաստը, որուն համաձայն, Արցախի ժողովուրդին իր կամքը արտայայտած է 1991 հանրաքուէէն սկսեալ, մինչեւ 2006-ի եւ 2017-ի հանրաքուէ: Խօսուած է ապագային տեղի ունենալիք կամքի արտայայտութեամբ տագնապի լուծման մասին, բայց իրականութեան մէջ այդ կամքի արտայայտութիւնը տարբեր առիթներով եղած է արդէն», ըսաւ ան:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, հիմա անհրաժեշտ է նախաձեռնել քայլերու, որոնք Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման կը նպաստեն:

«Քայլերէն առաջինը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմավարական գործակցութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնն է, որ ոչ թէ պէտք է նոր պարտաւորութիւններ դնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, այլ իր ըրածին իրաւական հիմնաւորում տայ: Միջազգային հանրութիւնը հիմա չ՛ընկալեր, թէ ինչո՛ւ Հայաստան նման բան կ՛ընէ: Իսկ Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ նման իրաւական հիմքի բացակայութիւնը` ըսելով, որ «դուք կ՛ըսէք, որ Ղարաբաղը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, բայց ձեր զինուած ուժերը շփման գիծի վրայ են, եկած, գրաւած էք, ես ալ գրաւողի հետ կը խօսիմ: Իսկ միջազգային համայնքի պարագային` ամէն անգամ պէտք չէ, որ վարչապետը ըսէ, թէ ինք բանակցութիւններուն ընթացքին այս բաներու մասին կրնայ խօսիլ, իսկ Ղարաբաղի իշխանութիւնները անպայման պէտք է մասնակցին, իրենց տեսակէտը յայտնեն: Այդ բոլորը պէտք է այդ համաձայնագիրին մէջ ըլլան: Հայաստանի վարչապետը, արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած են, որ Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է, բայց հաւաստող իրաւական հիմք չկայ», շեշտեց Մանոյեան:

Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի` Ազգային ժողովին կատարած յայտարարութեան, թէ «թող մեզ ոչ ոք ըսէ` ինչ բանակցինք, ինչ պէտք է, բանակցինք», ՀՅԴ գործիչը դիտել տուաւ. «Քաղաքական սխալ էր, որովհետեւ Ազգային ժողովին անդամները ժողովուրդին քուէն ստացած են: Բոլորին առջեւ իրենք պատասխանատու են, կարելի չէ ըսել, որ մենք Արցախի մասին խօսած ենք, բայց դուք մի՛ ըսէք, թէ մենք ինչպէս պիտի բանակցինք: Սոյն յայտարարութիւնը նախապէս կատարած իր յայտարարութիւնները կը հակասէ: Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն մէջ հակասութիւնները շատ են»:

Կիրօ Մանոյեան նաեւ նշեց, որ Արցախի տագնապի բանակցութիւններուն առնչութեամբ քաղաքական բոլոր ուժերն ալ հարցումներ ուղղելու իրաւունք ունին, ներառեալ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը: «Մենք բոլորս ժողովուրդին մաս կը կազմենք, եւ եթէ կայ տեսակէտ, պէտք է բարձրաձայնուի», ըսաւ ան:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ «եթէ բանակցութիւններուն մէջ առաջարկ ըլլայ, ինչ որ կարեւոր կը համարեն քննարկել, պիտի բերեն Ազգային ժողով եւ քուէարկութեան կը դնեն», արդեօք մտավախութիւն չի՞ յառաջացներ, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը պիտի ընտրէ կարգաւորման այն տարբերակը, զոր կ՛ընտրէ իր ուժի ղեկավար վարչապետ Փաշինեանը եւ արդեօք չի՞ նշանակեր, որ վարչապետը նաեւ Արցախի հարցը համաժողովրդական հանրաքուէով որոշելու գաղափարէն հրաժարած է, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Կայ նման մեկնաբանութեան առիթ, որ համաժողովրդական հանրաքուէի միտքէն հրաժարիլ, բայց կրնայ նաեւ այդպէս չըլլալ: Մենք տակաւին շատ հեռու ենք այդ պահէն: Բայց չի նշանակեր, որ մենք պէտք է հանգիստ քնանանք: Մենք պէտք է մեր մտահոգութիւններուն մասին բարձրաձայն խօսինք որեւէ իշխանութեան օրով: Բայց այսօր աւելի մտահոգիչ է, որ վարչապետը կ՛ըսէ` հարցեր մի՛ տաք բանակցութիւններուն մասին», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեան դարձեալ շեշտեց, որ այս իրավիճակէն մեկնած աւելի ընդգծելի կը դառնայ, որ Հայաստանի այս իշխանութիւններուն մօտ տագնապի լուծման ռազմավարութիւնը կը բացակայի:

«Կը գտնուին այնպիսի կացութեան մէջ, որ, մերժելով առաջարկները` իրենք բանաձեւով մը եզրակացուցած են, որ հոս խնդիրը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու Արցախի կարգավիճակն են, բայց նոյնիսկ ատիկա մատուցելու ռազմավարութիւնը չկայ, որ դիմացինները անոր համաձայնին: Չեմ ըսեր, թէ ատիկա շատ դիւրին գործ պիտի ըլլայ: Անհրաժեշտ է, այսքան դժուարութիւնները նկատի առնելով` նաեւ դիմել միւս քայլին` նախաձեռնել Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ  սկսիլ դիւանագիտական ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի վրայ: Անշուշտ, այդ մէկը միջնորդներու դժգոհութիւնը պիտի յարուցէ, բայց որովհետեւ տակաւին շատ չէ նուազած այս իշխանութիւններուն ժողովրդականութիւնը, այս իշխանութիւնները կարելիութիւնը ունին` հիմնուելով այդ ժողովրդականութեան վրայ` յանդուգն քայլեր առնել», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Հրապարակման Մէջ Յարգանքի Տուրք Չի Մատուցուիր Ցեղասպանութեան 1,5 Միլիոն Անմեղ Զոհերուն

Յաջորդը

Տեսակէտ. Քիչ Մը Ազնուութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?