Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 մայիսին ընդունեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեանը:
Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումին, որուն մասնակցած է նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան, քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Զօր. Արտակ Դաւթեանին հետ հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ Կամօ Վարդանեան. քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: