Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Վարդի Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Մայիս 27, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ մայրերու տօնին առիթով, շաբաթ, 23 մայիս 2020-ին, նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տուն: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան մայրերուն նուիրեց ծաղիկներ եւ ստանձնեց 365 օրերէն օրուան մը ճաշի ծախսը:

ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան բարի գալուստ մաղթեց նախարար Օհանեան-Գէորգեանին եւ ներկայացուց զայն` նշելով, որ ան երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար ըլլալուն կողքին,  նաեւ ընկերային ծառայող է եւ տարեցները շատ կը սիրէ: Ապա ծանօթացուց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը` իբրեւ ՔԱՀԼ հաստատութեան մօտիկ բարեկամ: Պատուելին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մինչեւ այսօր կարելի եղաւ «Քորոնա» ժահրը հաստատութենէն դուրս պահել: Տնօրէնութիւնը, խուսափելու համար այս լուրջ վտանգի հետեւանքներէն, առաջին օրերէն իսկ արագ միջոցառումներու ձեռնարկեց` փակելով հաստատութեան դռները այցելուներուն առաջ, մեկուսացնելով պատսպարեալները արտաքին ազդակներէ եւ շփումներէ` դժբախտաբար նոյնիսկ արգիլելով այցելութիւնը ընտանիքի անդամներուն: Տնօրէնը բոլորին ներկայութեան գնահատեց անձնակազմի տարած աշխատանքը, յատկապէս այս դժուար օրերուն: Պատսպարեալները, զրկուած իրենց հարազատներուն եւ բարեկամներուն այցելութիւններէն, դիւրութեամբ պիտի իյնային ջղագրգռութեան եւ ճնշուածութեան գիրկը, եթէ չըլլային այն բացառիկ եւ գիտակից խնամքն ու միջոցառումները, որոնք յաջողեցան մէկ կողմէ զերծ պահել պատսպարեալները ժահրով վարակումէն, միւս կողմէ ներքին ժամանցի պահեր ստեղծելով սատարեցին անոնց բարձր տրամադրութեան պահպանման: Անոնք հասկնալով պատսպարեալներու հոգեկան կարիքները,  հոգատար, համբերող եւ սիրալիր վերաբերմունքով  փորձեցին մեղմացնել մեկուսացման ժխտական հետեւանքները, ինչպէս նաեւ զաւկի դեր ալ կատարեցին: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ անցեալ ամիս տարեցները ուրախութեամբ տօնեցին Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուան տօները: Ինչպէս նաեւ ազգային երգերով յիշեցին Ապրիլ 24-ը: Իսկ մայիսին նշուեցաւ մայրերու օրը յատուկ յայտագիրով, ապա Համբարձման տօնը` մեծ խանդավառութեամբ: Պաշտօնէութիւնը առանց դադարի ներկայ եղաւ եւ ապահովեց գործունէութեան բնական ընթացքը:

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդի Օհանեան- Գէորգեան գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ  շնորհակալութիւն յայտնեց պատուելիին ու անձնակազմին իրենց առաքելութեան եւ ծառայութեան համար: Ան շնորհաւորեց ՔԱՀԼ-ի պատսպարեալներուն Մայրերու տօնը` նշելով, որ ապագայ սերունդը անոնց օրհնութիւններուն եւ աղօթքներուն պէտք ունի: Օհանեան-Գէորգեան անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց, որովհետեւ անոնք կերտած են սերունդներ, որոնք ներկայիս տարբեր ծառայութիւններու եւ գործերու մէջ են: Ան նաեւ շեշտեց, որ ինք միշտ պատսպարեալներուն կողքին է, եւ միասնաբար պիտի յաղթահարեն «Քորոնա» ժահրի համաճարակը:

Պատ. Թերզեան, նախարարին հետ հանդիպումի ընթացքին, ներկայացուց կատարուած ծառայութիւններուն մանրամասնութիւններն ու դժուարութիւնները: Երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապը, ուտեստեղէնի աներեւակայելի սղաճը, բժշկական գոյքերու` պաշտպանիչ դիմակներու, հականեխիչներու եւ ձեռնոցներու յաւելեալ գործածութիւնը մեծապէս դժուարութեան կը մատնեն ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը: Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ընտանիքներուն, որոնք այս տագնապին մէջ տակաւին կանոնաւորապէս կը կատարեն իրենց ծնողներու կեցութեան եւ այլ ծախսերու վճարումները: Միւս կողմէ, անգործութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ուրիշներ միայն մասնակի վճարումներ կատարեն: Իսկ ոմանք, անհոգութեան պատճառով իրենց ծնողքը ՔԱՀԼ-ին վստահելով, չեն հարցներ նոյնիսկ իրենց պարտաւորութիւններուն մասին:

Հանդիպման աւարտին, Աստուծոյ փառք տալով Իր հոգատարութեան համար, տնօրէնը յաջողութիւն մաղթեց նախարար Օհանեան- Գէորգեանին` այս փուլին իր դժուարին ծառայութեան համար:

Նախորդը

«Ազդակ»-Ի Առցանց Լսարան. Ամատունի Վիրապեան. «Հրատարակութեան Կը Յանձնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սպայակոյտի Մասին Հանրագիտարանը»

Յաջորդը

Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 8

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?