Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինը գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) լիբանանահայութեան հրատապ կարիքներուն նպաստելու նպատակով յատկացուցած է սկզբնական յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը` ի լրումն տարեկան իր շօշափելի օժանդակութիւններուն:
Այս յաւելեալ օժանդակութեամբ, ԱՀԱԸ-ը կու գայ անգամ մը եւս հաւաստելու իր յանձնառու աշխատանքը եւ լիբանանահայութեան նկատմամբ իր յատուկ հոգածութիւնը` ընկերակցութեան առաքելութեան 102-ամեայ ուղիին ընթացքին:
ԴԻՒԱՆ ՄԱՀԱԵՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ
Պէյրութ, 21 մայիս 2020