Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով տեսակապով զրոյց ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնց հետ քննարկած է ղարաբաղեան հարցի լուծման ներկայի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնց պիտի ձեռնարկուի յառաջիկայ ամիսներուն` «Քորոնա»-ի համաճարակէն ետք: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը պայմանաւորուած են յստակացնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպման տեղն ու ժամկէտները: Նշուեցաւ, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ համանախագահներուն միջնորդութեամբ` համաճարակին մեղմացումէն ետք: