Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-Ի Առցանց Լսարան. Ամատունի Վիրապեան. «Հրատարակութեան Կը Յանձնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սպայակոյտի Մասին Հանրագիտարանը»

May 27, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին տեղի ունեցած «Ազդակ»-ի առցանց լսարանը կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-ամեակին առիթով: Զեկուցողն էր Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան: Զեկուցման նիւթն էր «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող արխիւները»: Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Փրոֆ. Վիրապեան արխիւներու յղումներով ներկայացուց 1918-1921 ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը եւ ապա զեկուցեց այդ բոլորին վերաբերող եւ պետական համապատասխան հիմնարկին մէջ պահպանուող արխիւներու ընդհանուր պատկերին մասին: Ամատունի Վիրապեան յայտնեց նաեւ, որ Ազգային արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սպայակազմի մասին հանրագիտարանը:

Տարբեր երկիրներէ լսարանին մասնակցողները հարցումներ յղեցին արխիւներու օգտագործման, Սեւրի համաձայնագիրին, Արցախի օրուան կարգավիճակին, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու վերաբերող արխիւներուն մասին:

Ներկաները առիթ ունեցան նաեւ դիտելու Սեւրի դաշնագիրին Հայաստանին վերաբերող եւ օրին կատարուած նկարահանումի տեսերիզը, որ տրամադրած էր փրոֆ. Վիրապեան:

Քննարկումի ընթացքին շեշտը դրուեցաւ յատկապէս Սեւրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին վերաբերող արխիւներու թուայնացուած օրինակներու հանրայնացման եւ անոնց 100-ամեակին առիթով տարբեր քաղաքական շրջանակներու մէջ արծարծման հրամայականին վրայ:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Նախարար Վարդի Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.