Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի ստանձնման նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 մայիսին, ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ: Արարողութիւնը պիտի սփռուի ուղիղ հեռարձակումով, լրագրողներուն դահլիճ մուտքը արգիլուած է: