Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ելքը Կը Նկատենք Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները»

Յունիս 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ստեղծուած իրավիճակէն ելքը կը նկատենք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ֆէյսպուքեան ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ւր պիտի տանի ընդդիմադիրներու  ճամբու քարտէսը:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ինչո՞ւ հիմա կը պահանջեն արտահերթ ընտրութիւններ, եթէ 2018-ին անհրաժեշտ սահմանը չանցան, Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգեց. «Այստեղ յաջողիլ-չյաջողելու հարցը չէ, մարդիկ կ՛ուզէին ապրիլ արժանապատիւ, անցած է 2 տարի եւ գործող իշխանութիւնը այս պահանջներէն շեղած է, երկրին մէջ կայ քաղաքական եւ կառավարման ճգնաժամ, եւ մենք կը կարծենք, որ այս պահանջները իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է նոր որակի իշխանութիւն, որ ժողովուրդը կրնայ ձեւաւորել ընտրութիւններու  միջոցով»:

Սաղաթէլեանի դիտարկումով` 2 տարի առաջուան եւ հիմակուան միջեւ, հասարակական ընկալումով, բաւական մեծ է տարբերութիւնը:

Ան նշեց, որ իշխանութիւնը 2 տարի է, որ հիմնական թեզ մը ունի` «թալանած են», «գողցած են», մինչդեռ այս տարիներուն, երբ իրենք իշխանութիւն ունէին, որեւէ բան չէ վերադարձած:

«Այսինքն, մենք դէմ չենք, որ յանցագործութիւնները պատժուին, բայց մենք դէմ ենք, երբ օրէնքները ոտնահարելով` յատուկ գործողութիւններ կը կատարուին յատուկ մարդոց նկատմամբ», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

«Դաշնակցութիւնը ունի իր սեփական դիմագիծը, եւ մենք երբեք չենք կրնար նոյնանալ ոեւէ մէկուն հետ», ըսաւ ՀՅԴ Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով այլ գաղափարախօսութիւններ կրող ուժերու հետ համագործակցութեան մասին հարցումին:

«Համագործակցութիւնը որեւէ քաղաքական ուժի հետ չի նշանակեր միաձուլուիլ եւ հրաժարիլ սեփական արժէքներէն, ծրագիրներէն, տեսակէտէն կամ ինքնուրոյն օրակարգէն: Մենք տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ տարբեր քաղաքական ուժերու հետ տարբեր օրակարգերով համագործակցած ենք, բայց միշտ պահած ենք մեր ինքնուրոյնութիւնը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ Եւ Հայրենիք Կուսակցութիւններուն Ստեղծած Աշխատանքային Խումբին Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ամէն Մէկս` Մարտիկ Հայ Դատի

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?