Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիրինեան. «Յաջողած Ենք Կանխել Թրքամէտ Եւ Ազրպէյճանամէտ Թեկնածուներու Յաղթանակը»

Յուլիս 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գոհացուցիչ են ֆրանսահայ համայնքին համար.  «Ֆրանսայի ընտրութիւններուն հայ համայնքին համար երկու կարեւոր հանգամանք կայ. առաջինը թուրք-ազրպէյճանական աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներու չընտրուիլն է: Երկրորդը` հայ համայնքի, հայկական կազմակերպութիւններու բարեկամներու յաջողութիւնը», «Ռատիոլուր»-ին ըսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու  պատասխանատու Յարութ Շիրինեան:

28 յունիսին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին արդիւնքներով Փարիզի քաղաքապետ վերընտրուած է Անն Իտալկոն: Վերջին ամիսներուն ֆրանսահայերը կ՛ահազանգէին. Իտալկոյի քաղաքական հակառակորդը` Ռաշիտա Տաթին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեծ բարեկամն է. եղած է Ազրպէյճանի բարեկամներու միութեան անդամ, որ կը նկատուի Ֆրանսայի մէջ «խաւիարային դիւանագիտութեան» գլխաւոր գործիքն ու յայտնի է ամբողջատիրական Ազրպէյճանի իշխանութիւններու հետ սերտ կապերով:

Հայաստանի, Հայ դատի եւ հայ համայնքի լաւ բարեկամ Անն Իտալկոյի վերընտրուիլը չէ միայն, որ 28 յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքներով գոհ է հայ համայնքը. «Ֆրանսայի կեդրոնական շրջաններուն մէջ Էրտողանի ջանքերով որոշ ցուցակներու մէջ ընդգրկուած էին թրքական ծագումով ֆրանսացիներ, որոնք աւելի ուշ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն ժխտած էին: Եւ հայ համայնքը մեծ պայքար տարաւ, որպէսզի այդ թեկնածուները ձախողին», ըսաւ Յարութ Շիրինեանը:

Բայց կիրակի օր տեղի ունեցած քուէարկութենէն ետք «եան»-ով կ՛աւարտի ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ Եւրոպական Միութեան ամէնէն կարեւոր քաղաքներէն մէկուն ղեկավարին մականունը. Ժանն Բարսեղեանն է Սթրազպուրկի նոր քաղաքապետը:

Ֆրանսահայութեան համար շատ կարեւոր է, որ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները ներկայացուած ըլլան երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, կ՛ըսէ Յարութ Շիրինեան: Ժանն Բարսեղեանի հետ համագործակցութեան եզրեր կը նախանշուին. «Տիկին Բարսեղեանը բաւական հետաքրքրուած է Հայաստանի բնապահպանական ոլորտով: Հաւանական է, որ Հայ դատի գրասենեակը եւ հայ համայնքը անոր աջակցութիւն ցուցաբերեն` միասին ծրագիրներ իրականացնելու», ըսաւ Շիրինեան:

Նախորդը

Հայ Սակրաւորները Սուրիոյ Մէջ Առաքելութեան Ընթացքին Ականազերծած Են 185.209 Քմ Տարածք

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Չի Մեկնաբաներ Սահմանադրական Դատարանի Մասին Օրէնքի Փոփոխութիւններու Փաթեթը Չստորագրելու Որոշումը

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?