Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Ռազմական Լուծում Չունի»

July 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին ըսուած է ԵԱՀԿ կայքով  տարածուած հաղորդագրութեան մէջ, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին:

«Համանախագահները ընդգծած են խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններու համար բարենպաստ մթնոլորտի խթանման ու պահպանման կարեւորութիւնը: Անոնք դրական գնահատած են յարաբերական կայունութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնած, որ կողմերը կը շարունակեն օգտագործել հաղորդակցութեան անմիջական կապերը` մագլցողականութենէ խուսափելու համար: Յիշեցնելով 9 մարտ 2019-ի իրենց յայտարարութիւնը` այնուամենայնիւ, համանախագահները մտահոգութեամբ նշած են, որ վերջին սադրիչ յայտարարութիւնները, բորբոքող հռետորաբանութիւնը եւ հաւանական քայլերը, որոնք նպատակ ունին փոխել իրավիճակը, կրնան խափանել եւ խանգարել տագնապի լուծման գործընթացը:

«Համանախագահները շեշտած են, որ տագնապը ռազմական լուծում չունի: Անոնք կոչ ուղղած են կողմերուն` յաւելեալ քայլերու ձեռնարկելու զինադադարի ամրապնդման եւ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու համար: Համանախագահնեը նաեւ ընդգծած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի հովանիին ներքեւ  դիտարկումի գործողութիւններուն վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը` որքան կարելի է շուտ, երբ որ պայմանները նպաստեն:

«Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են միացեալ առցանց հանդիպում մը եւս ունենալ յուլիսին եւ անձնապէս հանդիպիլ` որքան կարելի է շուտ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Երեք Կուսակցութիւններու Ստեղծած Աշխատանքային Խումբի Հաղորդագրութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Առցանց Հանդիպում

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.