Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Մինչեւ Յունիս 7-ը

Ակնարկ. Մինչեւ Յունիս 7-ը

Կը թուի, որ իշխանութիւն-եկեղեցի հակամարտութիւնը նոր փուլ կը թեւակոխէ, յատկապէս Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դէմ մեղադրանքի ձեւակերպումով եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն ելքի արգելքի որոշումով: Առանց մտնելու իրաւական քաշքշուքներու մէջ, պարզ է, որ իրաւապահ մարմիններ քաղաքական որոշումներ կը կայացնեն եւ կը հետեւին իշխանութիւններու տուած ցուցմունքներուն: Ի վերջոյ թեմի մը առաջնորդի լիազօրութիւնները դադրեցնելու վարչական որոշումը եկեղեցւոյ կը պատկանի: Այնքան ատեն, որ եկեղեցական ներկայ կանոնադրութիւնը...

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պոլքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 21-ամեակին առիթով ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակի ոգեկոչումին, զայն կը յիշենք սիրով եւ կը վերանորոգենք մեր կառչածութիւնը Լիբանանի պետութեան, գերիշխանութեան եւ արդարութեան նկատմամբ: Ողորմութիւն իր հոգւոյն»:  

Սաատ Հարիրի. «Երբ Ընտրութիւնները Տեղի Ունենան,  Մեր Ձայները Պիտի Լսեն Ու Հաշուեն»

Սաատ Հարիրի. «Երբ Ընտրութիւնները Տեղի Ունենան, Մեր Ձայները Պիտի Լսեն Ու Հաշուեն»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ իր հօր` վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 21-ամեակի ոգեկոչման առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց. «Չենք տապալիր, որովհետեւ մեր ծրագիրը, Ռաֆիք Հարիրիի ծրագիրը հայեցակարգ ու հաւատք է, թէ որքա՛ն ալ իյնայ Լիբանանը, ոտքի կը կանգնի: Մեր ծրագիրը կը գոյատեւէ այնքան ատեն որ դուք կաք, եւ միաւորուած կը մնանք, որպէսզի ունենանք երկիր մը,...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Նկատմամբ Քրէական  Հետապնդում Յարուցուեցաւ,  Անոր Արգիլուեցաւ Լքել Երկիրը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուեցաւ, Անոր Արգիլուեցաւ Լքել Երկիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւնը քրէական հետապնդում յարուցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նկատմամբ` Արման Սարոյեանի հետ կապուած դատական վճիռի կատարման խոչընդոտելու մեղադրանքով, կը յայտնէ փաստաբան Արա Զոհրաբեան: «Արգիլուած է վեհափառ հայրապետի ելքը Հայաստանէն, ինչով փորձ կը կատարուի ձախողեցնել Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովը», նշած է Զոհրաբեան` աւելցնելով. «Վարչապետը երէկ յայտարարած էր, որ թոյլ պիտի չտայ, որ կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս գայ:...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Եւ «Աքսիոս»-ի.  Երեքշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Օմանեան  Միջնորդութեամբ Իրան-Միացեալ  Նահանգներ Բանակցութիւնները

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Եւ «Աքսիոս»-ի. Երեքշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Օմանեան Միջնորդութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ հաստատած են, որ ամերիկեան բանակը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային Իրանի դէմ շաբաթներու վրայ երկարող զինուորական գործողութիւններ կատարելու: Լաւատեղեակ աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները, երեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ ժողով պիտի գումարէ իրանցի պաշտօնատարներու հետ` մասնակցութեամբ Օմանէն ներկայացուցիչներու, որոնք...

Խմբագրական.  Յարմարուելու Դասեր

Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը, Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խորհուրդի անդամի մը լիազօրութիւնները դադրեցնելու օրակարգի քննարկումին առիթով յագեցած էր Դաշնակցութեան յարմարուելու  դասեր տալու ելոյթներով: Պատմական, քաղաքական, գաղափարական բովանդակութեամբ յայտարարութիւններով իշխանամէտ պատգամաւորները մրցումի մէջ էին փորձել համոզելու համար, որ Դաշնակցութիւնը «ժամանակավրէպ» կուսակցութիւն է եւ որուն գործունէութիւնը կը յատկանշուի հակաանկախականութեամբ եւ հակապետականութեամբ: Անշուշտ տրուեցան պատասխաններ, որ Դաշնակցութիւնը ի՛նք կերտած է անկախ հանրապետութիւն եւ պետականութիւն, որուն...

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Պէտք է Իրանի հետ գործարք կնքենք, այլապէս ցնցումի պիտի ենթարկուի, եւ դժուար պահ պիտի դիմագրաւենք»: «Իրան պէտք էր գործարք կնքէր, երբ անոր հասցուցինք վերջին հարուածը», ըսաւ ան: «Իրանի հետ կարելի է յառաջիկայ ամիս համաձայնութեան հասնիլ, եւ ատիկա պէտք է արագօրէն տեղի ունենայ»:  

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

Ազգային ժողովը փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ չդադրեցուց Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի (գրական ծածկանունը` Յակոբ Մովսէս) լիազօրութիւնները: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները քուէարկութեան չեն մասնակցած, իսկ ընդդիմադիրներու 28 կողմ ձայները բաւարար չեն եղած, որպէսզի Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները դադրեցուին: Այսպիսով, ընդդիմադիրներու ներկայացուցած նախագիծը մերժուած է: Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցը նախանցեալ օր կը քննարկուէր խորհրդարանին մէջ: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր...

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Ապահովութեան Միւնիխի խորհրդաժողովի իր մասնակցութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եմէնի հանրապետութեան նախագահական ղեկավար խորհուրդի նախագահ Ռաշատ Ուլէյմիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային զարգացումներն ու միջարաբական համակարգումի ամրապնդման կարելիութիւնները: Ուլէյմի բարձր գնահատեց լիբանանեան կառավարութեան Լիբանանի ոտքի կանգնման ու պետութեան իշխանութեան հաստատման համար թափած ջանքերը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց գոյութեանը նկատմամբ այնպիսի տարրերու, որոնք Լիբանանի մէջ կը գործեն...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին` Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին: Սաղմոսասացութիւններու, աղօթասացութիւններու եւ աւետարանական ընթերցանութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեպարար աւանդական Անդաստանի արարողութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Հայրապետին պատգամը ուղղուած էր յատկապէս...

Խմբագրական.   Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարսակի Համար  (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարսակի Համար (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Վարդանանց խորհուրդի որոշ ծալքերը թափանցելու փորձը մտաբերել կու տայ գիտակցական ընտրութեան աստիճանաչափ մը, որ անպայման ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան պարտադրուած փոփոխութիւնը մերժելու սկզբունքային դիրքորոշումին հետ կ՛աղերսուի: Այդ խորհուրդը կը խօսի անհպելի արժէքներու մասին, որ օրուան եկեղեցական-ռազմական ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտպանել ամէն գնով:  Անարդարութեան մերժում, ճշմարտութեան բարձրաձայնում եւ այդ կեցուածքներու հիման վրայ կայացած գաղափարի յաղթանակ: Ազատ ապրելու, պարտադրուած կրօնափոխութիւնը մերժելու, քրիստոնէական արժէքներուն, եկեղեցւոյ...

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Կը նախընտրեմ Իրանի հետ համաձայնութիւն կնքել, պայմանով որ անիկա լաւ ըլլայ եւ անոր հիւլէական զէնքեր ու հրթիռներ ունենալու արգելք պարունակէ»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ Թրամփ երեքշաբթի օր ալ յայտարարած էր. «Իրան հիւլէական զէնքեր կամ հրթիռներ պիտի չունենայ»: «Կա՛մ Իրանի հետ համաձայնութեան կը հասնինք,  կա՛մ ալ պիտի...

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի  Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք,  Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ  Որոշումները Ներքին Հարց Են»

Թեհրան. «Պատրաստ Ենք Իւրանիոմի Հարստացման Համեմատութեան Եւ Հարստացուած Իւրանիոմի Պահեստի Ծաւալին Շուրջ Բանակցելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պատրաստ ենք իւրանիոմի հարստացման համեմատութեան եւ հարստացուած իւրանիոմի պահեստի ծաւալին շուրջ բանակցելու»: Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նախապէս յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթընի հետ անուղղակի բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլի թուականը տակաւին չէ ճշդուած` աւելցնելով. «Ոչ ոք կրնայ թիրախաւորել մեր հրթիռային համակարգը,  անիկա բանակցութեան առարկայ չէ, եւ պիտի չըլլայ»: Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար...

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս Պաքուի մէջ քննարկած է հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի բանբերը: «Նախագահ Ալիեւն ու փոխնախագահ Վանսը քննարկած են նախագահ Թրամփի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութեան յաջորդ քայլերը: «Անոնք կեդրոնացած են առեւտուրի եւ...

Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»

Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»

Երբ ես 2022 թուականին իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ այցելեցի Հայաստան, մեր քոնկրեսական պատուիրակութիւնը կանգնեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ եւ յստակ ու առանց ներողամտութեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կարեւոր է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսի: «Այդ ճշմարտութիւնը վերահաստատուեցաւ, երբ Ներկայացուցիչներու տունը 2019 թուականին մեծամասնութեամբ ընդունեց երկկուսակցական բանաձեւը` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ...

Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի այցելութեան օրակարգերէն պահ մը կեդրոնանանք Երեւանի հետ ստորագրուած հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով օգտագործման ոլորտին մէջ երկու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրին վրայ: Ըստ պաշտօնական Երեւանի, այս համաձայնութիւնը  կը նպաստէ Հայաստանի ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացումին եւ անվտանգ ու նորարարական արհեստագիտութեան ներգրաւման: Ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացումը քաղաքական տրամաբանութեամբ շատ պարզ է, որ ինչի կ՛ակնարկուի: Ուժանիւթի բնագաւառին մէջ հիմնական մէկ աղբիւր կայ այսօր:...

Վանսի «Էքս»-ի Էջին Վրայ Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեան Մասին Գրառումը Ջնջուած Է, Ապա Հրապարակուած Առանց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Բառերու

Վանսի «Էքս»-ի Էջին Վրայ Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեան Մասին Գրառումը Ջնջուած Է, Ապա Հրապարակուած Առանց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Բառերու

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսի «Էքս»-ի էջին վրայ հրապարակուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան մասին գրառումը հրապարակուելէ կարճ ժամանակ ետք ջնջուած է: Աւելի ուշ հաղորդագրութիւնը վերահրապարակուած է անոր մամլոյ քարտուղար Թէյլըր Վան Քըրքի կողմէ, սակայն առանց «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերու: Վանս երէկ իր կնոջ հետ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը Պաքու մեկնելու համար օդանաւ բարձրանալէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ծիծեռնակաբերդ իր...

Նախագահ Աուն. «Աշխատանք Կը Տանինք Թրիփոլիի Մէջ Խարխլած Եւ Փլուզուող Շէնքերու Խնդիրը Լուծելու Ուղիներ Գտնելու Ուղղութեամբ»

Նախագահ Աուն. «Աշխատանք Կը Տանինք Թրիփոլիի Մէջ Խարխլած Եւ Փլուզուող Շէնքերու Խնդիրը Լուծելու Ուղիներ Գտնելու Ուղղութեամբ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Թրիփոլիի հասարակութեան ներկայացուցիչները, որոնց շարքին էին Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամը, մարոնիներու Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ եպս. Սուէյֆը, յոյն ուղղափառներու Թրիփոլիի, Քուրայի եւ անոնց մերձակայքի առաջնորդ Աֆրամ եպս. Քիրիաքոսն ու հիւսիսի նահանգապետ Իման Ռաֆիհին: «Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը տարբեր առնչակիցներու եւ հաստատութիւններու ջանքերու միատեղում կը պահանջէ», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` նշելով. «Քաղաքացիական պաշտպանութիւնը չի...

Թրամփ Աշխարհի Ղեկավարները Հրաւիրեց 19 Փետրուարին Խաղաղութեան Խորհուրդի Բացման Նիստին

Թրամփ Աշխարհի Ղեկավարները Հրաւիրեց 19 Փետրուարին Խաղաղութեան Խորհուրդի Բացման Նիստին

Աշխարհի շարք մը ղեկավարներ հրաւէր ստացան 19 փետրուարին մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կազմած Խաղաղութեան խորհուրդի բացման նիստին: Մինչ Արժանթինի եւ Հունգարիոյ նման կարգ մը պետութիւններու ղեկավարները ընդունեցին հրաւէրը, այլ երկիրներ` ինչպէս Ֆրանսան, Իտալիան, Նորվեկիան, Չեխիան եւ Խրուաթիան մերժեցին հրաւէրը: Նորվեկիոյ նախագահ Նիքոսոր Տան յայտարարեց, թէ հրաւէրը ստացած է, սակայն աւելցուց, որ իր երկիրը տակաւին Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին նիստին...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

Լոս Անճելըսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեան: Մահսէրէճեան  ամբողջական իմաստով նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ: Տասնամեակներ շարունակ ան ձեռնհասօրէն վարեց «Ազդակ»-ի խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ, քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դաժան օրերուն «Ազդակ»-ը դարձնելով իր առաջին տունը, ապահովելով անոր անխափան երթը եւ անփոխարինելիօրէն ներդրում ունենալով «Ազդակ»-ի խմբագրական...

Page 44 of 795 1 … 43 44 45 … 795

Արխիւներ