Կոչ Զօրակցութեան
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ հինգշաբթի 12 փետրուար 2026-ին, փակ պահուին հայկական վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի արժանի յարգանք ընծայելու համար հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր նահատակուած մեր ազգի քաջերուն, մեր հաւաքականութիւնը մասնակից դառնայ մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող սուրբ պատարագներուն ու պաշտամունքներուն: ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ




















