Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Իրանի Վերաբերեալ Բոլոր Ընտրանքները Կը Պահէ Սեղանի Վրայ

April 17, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան խորհրդատու Սթիւըն Միլլըր ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի նկատմամբ բոլոր ընտրանքները կը պահէ սեղանի վրայ:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեծապէս կը մասնակցի Թեհրանի հետ ընթացող բանակցութիւններու ուրուագծման:

Միլլըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման կը ձգտի, սակայն Իրանի հիւլէական զէնք ունենալը պիտի չընդունի:

Սպիտակ տան խորհրդատուն նշեց, որ զինուորական ընտրանքը, ներառեալ իրանեան ելեկտրակայանները տարիներով խանգարող հարուածները տակաւին ի զօրու են` աւելցնելով, որ հաստատուած պաշարումն ու ուժանիւթի շրջանառութեան վրայ սահմանափակումները իրանեան տնտեսութեան վրայ հետզհետէ աճող ճնշում կը բանեցնեն:

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց. «Իրապէս Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններու հաւանականութեան շուրջ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան»:

«Տակաւին աշխուժ կերպով ներքաշուած ենք Իրանի վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ եւ Իրանի հետ համաձայնութեան ձեռք բերման առիթին նկատմամբ վստահ կը զգանք», նշեց Սպիտակ տունը:

Իրանի վարչակարգի շահի ճշդման համախմբումի անդամ Մուհսեն Ռիտայի յայտնեց, որ Իրան «Հորմուզի նեղուցը պիտի չլքէ, մինչեւ որ իր ամբողջ իրաւունքները ապահովուին»:

Ան նշեց, որ ծովային պաշարումը ոչ զինուորական քայլ է եւ կարելի է զայն ճեղքել` աւելցնելով. «Անիկա բանակցութիւններուն մէջ Իրանի դիրքորոշման վրայ որեւէ ձեւով պիտի չազդէ»:

«Ամերիկացիները մեծապէս կը վախնան երկարատեւ պատերազմներէն, իսկ մենք անոնց փորձառու ենք», ըսաւ Ռիտայի:

«Ուաշինկթըն պատերազմին վերջ տալու յստակ ծրագիր մը չունի եւ ձախողութենէն ետք ծրագիրէ ծրագիր կ՛անցնի», յայտնեց իրանցի պաշտօնատարը:

«Հակառակորդ կողմին հետ հիւլէական թղթածրարին խնդիրը ռումբը չէ, այլ հիւլէական ճարտարագիտութիւնը», նշեց Ռիտայի:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլի թուականը չէ ճշդուած:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ փաքիստանեան բանակի հրամանատարի Իրան այցելութիւնը նպաստած է կարգ մը խնդիրներու շուրջ տարակարծութիւններու նուազեցման:

Իրանցի պաշտօնատարը լրատու գործակալութեան նշեց, որ այս այցելութեամբ զինադադարի երկարաձգման եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու երկրորդ փուլի կայացման նկատմամբ յոյսերը բարձրացած են»:

Նախորդը

Եգիպտոս Եւ Փաքիստան Կոչ Կ՛ուղղեն` Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւնները Շուտով Շարունակելու

Յաջորդը

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Գետնի Վրայ Իրողութիւններն Ու Խաղաղութեան Հասնելու Անոր Փափաքը Հաւասարակշռող Որոշում Մը Տայ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.