Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտին Կը Մօտենայ»

April 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտին կը մօտենայ»:

«Պէտք էր միջամտէի, եւ եթէ այդ մէկը չկատարէի, Իրան այս պահուս հիւլէական զէնք ունեցած կ՛ըլլար», ըսաւ ան:

«Մեր զինուորական վերջին աշխատանքը մետասաներորդ պահուն արգելք հանդիսացաւ, որ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ», յայտնեց Թրամփ:

«Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնը աւարտելու շատ մօտ է, եւ Թեհրան վերակառուցման համար 20 տարուան կը կարօտի», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Տակաւին Իրանի դէմ մեր զինուորական գործողութիւնը ամբողջական կերպով չաւարտեցինք. տեսնենք յառաջիկայ օրերը ի՛նչ կը բերեն», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանցիները շատ կ՛ուզեն մեզի հետ գործարք կնքել»:

Թրամփ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին ալ յայտնեց, որ Իրանի հետ զինադադարը երկարաձգելու մասին չի մտածեր, որովհետեւ անհրաժեշտ պիտի չըլլայ` աւելցնելով. «Յառաջիկայ երկու օրերը հոյակապ պիտի ըլլան»:

Ան նշեց, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնիլը լաւագոյն ընտրանքն է, որովհետեւ անոր վերաշինութիւն կատարել կ՛արտօնէ:

Ըստ անոր, Իրան «ներկայիս տարբեր վարչակարգ մը ունի»` աւելցնելով. «Ամէն պարագայի ծայրայեղականները չէզոքացուցինք»:

Թրամփ նաեւ շեշտեց. «եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չըլլայի, աշխարհը կը պարտուէր»:

Ան ըսաւ, որ թող մէկը «բարեհաճի եւ Լեւոն ԺԴ. պապին տեղեկացնէ, թէ Իրանի հիւլէական ռումբ ունենալը «բացարձակապէս անընդունելի է», եւ Իրան անցնող երկու ամիսներու ընթացքին առնուազն 42 հազար «անմեղ ու անզէն» ցուցարարներ սպաննեց:

Թրամփ նաեւ նշեց. «ՕԹԱՆ-ը մեր կողքին չէր եւ ապագային ալ մեր կողքին պիտի չըլլայ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Ֆոքս Պիզնես»-ի հետ ալ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ Իրանի պատերազմը կրնայ շատ շուտով աւարտիլ»` աւելցնելով. «Եթէ իրանցիները խելացի վարուին, ամէն ինչ շատ արագ պիտի աւարտի»:

«Եթէ չմիջամտէի, Իրանը հիմա հիւլէական զէնք ունեցած պիտի ըլլար», նշեց ան:

«Քարիւղի գիները իրենց նախկին վիճակին պիտի վերադառնան եւ թերեւս ալ աւելի նուազին», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Իրանի դէմ մեր գործողութիւնները տակաւին չաւարտեցինք»:

«Ո՛չ Սէուտական Արաբիան, ո՛չ ալ Չինաստանը Հորմուզի նեղուցի փակման վերաբերեալ հետս խօսեցան», ըսաւ ան:

«Իրանցիները կ՛ուզէին Միջին Արեւելքին տիրել, սակայն այդ միտումը կասեցուցի», նշեց Թրամփ` աւելցնելով. «Անոնք մեծապէս կը փափաքին գործարք կնքել»:

Վանս. «Դիւանագիտական Լաւ Դիրքի Վրայ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս յայտարարեց. «Զինադադարը հաստատ է, եւ Իրանի հետ կը բանակցինք»` աւելցնելով. «Իրանցի բանագնացները կ՛ուզեն համաձայնութիւն կնքել»:

Վանս ըսաւ, որ Թրամփ «Իրանի հետ սահմանափակ գործարք մը չ՛ուզեր, այլ կը ձգտի ընդլայնուած գործարքի մը, որ հակամարտութեան ամբողջական կերպով վերջ կու տայ»:

«Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ մեծ տարողութեամբ անվստահութիւն գոյութիւն ունի, եւ կարելի չէ մէկ օրէն միւսը զայն յաղթահարել», աւելցուց ան:

«Իրանի հետ մեծ գործարքը պիտի ներառէ անոր ժողովուրդը միջազգային տնտեսութեան համարկելը` հիւլէական ծրագիրէն ու ահաբեկչութեան աջակցութենէն հրաժարելու դիմաց», նշեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

«Թրամփ կ՛առաջարկէ Իրանը տնտեսապէս բարգաւաճ երկրի վերածել, եթէ իր հիւլէական ախորժակներուն վերջ տալու յանձնառու դառնայ», ըսաւ ան:

«Թեհրանին մեր առաջարկը յստակ է` բնական պետութեան պէս վարուեցէք, եւ տնտեսական գետնի վրայ ձեզի հետ իբրեւ բնական պետութիւն պիտի վարուինք», յայտնեց Վանս` աւելցնելով. «Փաքիստանի բանակցութիւններուն մէջ հսկայական յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ ներկայ զինադադարը իրերայաջորդ 7-րդ օրն ըլլալով կանգուն է»:

«Թրամփի քաղաքականութիւնը յստակ եւ կտրուկ է. Իրանին երբեք պիտի չարտօնենք հիւլէական զէնք ունենալ», նշեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը` շեշտելով. «Պիտի շարունակենք բանակցիլ, եւ պիտի շարունակեմ աշխատիլ Իրանի հետ մեծ գործարք կնքելու, որովհետեւ անիկա մեր երկրին ու աշխարհին համար օգտակար է»:

«Իրանեան ղեկավարութեան հետ մեր ժողովները պատմական էին եւ 49 տարիէ ի վեր որեւէ նախկին վարչակազմի օրով տեղի չեն ունեցած: Դէմ առ դէմ նստեցայ Իրանի հարցերուն իրողական պատասխանատուին հետ եւ համաձայնութիւն կնքելու փափաք նկատեցի», յայտնեց Վանս:

«Իրանի հետ լուծումի հասնիլը մէկ օրէն միւսը տեղի պիտի չունենայ, սակայն դիւանագիտական չափազանց լաւ կացութեան մէջ ենք», նշեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

«Գիտենք, թէ Թեհրանի հետ անվստահութեան ժառանգութիւն գոյութիւն ունի, սակայն Թրամփի ցուցմունքով բարի կամեցողութեամբ կը բանակցինք», յայտնեց Վանս:

Ծովակալ Քուփըր. «Իրանի Հետ Ծովային Առեւտուրը Նուազ Քան 36 Ժամուան Մէջ Ամբողջովին Կանգնեցուցինք»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան պետ ծովակալ Պրատ Քուփըր նշեց. «Իրանի հետ ծովային առեւտուրը նուազ քան 36 ժամուան մէջ ամբողջովին կանգնեցուցինք»:

«Իրանի տնտեսութեան շուրջ 90 առ հարիւրը հիմնուած է ծովու ճամբով միջազգային առեւտուրի վրայ», ըսաւ ան:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան պետը նաեւ նշեց. «Մեր ուժերը Միջին Արեւելքի մէջ ծովային առաւելութիւնը կը պահպանեն»:

Փեզեշքիան. «Թշնամիին Կողմէ Իր Կամքը Պարտադրելու Որեւէ Փորձ Պիտի Ձախողի»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Պատերազմի չենք ձգտիր եւ երկխօսութեան վրայ կը շեշտենք, սակայն թշնամիին կողմէ իր կամքը պարտադրելու կամ մեզ անձնատուութեան մղելու որեւէ փորձ պիտի ձախողի»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի երէկ յայտարարեց. «Կրնանք իւրանիոմի հարստացման համեմատութեան շուրջ բանակցիլ, սակայն ոչ` հարստացնելու իրաւունքին շուրջ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայի Պաղայի երէկ յայտարարեց. «Կրնանք իւրանիոմի հարստացման համեմատութեան շուրջ բանակցիլ, սակայն ոչ` հարստացնելու իրաւունքին շուրջ»:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը սպրդած զինուորական փաստաթուղթեր մէջբերելով հաղորդեց. «Իրան չինական արբանեակ մը օգտագործեց Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններ թիրախաւորելու համար»:

Ըստ օրաթերթին, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի օդատիեզերական ուժը «չինական արբանեակը ձեռք ձգեց 2024-ի վերջաւորութեան` անջրպետ անոր արձակումէն ետք»:

 

 

Նախորդը

Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնը «Խաղաղութեան Համար Անդառնալի Գրաւական» Կը Նկատէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.