Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բանակցային Խաղաթուղթերը Վերստանձնելու Համար

April 15, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսլամապատի բանակցութիւններու չարդիւնաւորումը յայտնաբար չէ խախտած հրադադարը: Կայ միտում հրադադարը պահպանելու եւ վերաբանակցելու: Ռազմական այլ գործողութիւն տեղի կ՛ունենար. այս պարագային, ամերիկեան ուժերը կը շրջափակէին Հորմուզի նեղուցը, արգելակելով Իրանի թոյլտուութեամբ մինչ այդ ընթացող նաւագնացութիւնը: Ամբողջական կասեցումը Հորմուզի նեղուցով արտահանուող կամ տարանցիկ ուղիներով սպառման այլ ուղղութիւններ մեկնող վառելանիւթին կտրուկ անդրադարձ պիտի ունենար սկզբունքով սղաճի մագլցումին առումով: Կան հակակշիռ քայլեր տարբեր պետութիւններու կողմէ վառելանիւթի տագնապը առնուազն յետաձգելու նպատակով:

Ամերիկեան այս քայլը կը թուի, որ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման նոր պայմաններու մասին է: Նոր կանոններով բանակցութիւններ վերսկսելու եւ Հորմուզէն անցնող ուժանիւթերու վրայ վերահսկողական նոր գործիքակազմեր հաստատելու մտադրութիւնը ունի: Իրանի կողմէ մասնակի, իսկ հիմա Միացեալ Նահանգներու կողմէ ամբողջական փակումը համալիր ուղիներու, նոր ելակէտ է բանակցութիւններու: Եւ այդ է փաստօրէն, որ հրադադարը պահպանելով կը ձգտի երկկողմանիօրէն բաց պահել  բանակցութիւններու պատուհանը:

Ամերիկեան հանրայայտ լրատուամիջոցներու տուեալներով, որոնք հիմնուած են ամերիկացի պաշտօնատարներու եւ բանակցութիւններուն մօտ  կանգնած աղբիւրներու հաղորդումներուն վրայ, կողմերը  այժմ կը քննարկեն նոր հանդիպման մանրամասնութիւնները, իսկ միջնորդ երկիրներէն մէկուն դիւանագէտը հաստատած է, որ Թեհրանն ու Ուաշինկթընը արդէն տուած են իրենց նախնական համաձայնութիւնը:

Գետնի վրայ փակել, պաշարել, գործողութիւններ, դիւանագիտական խողովակները բաց պահելով բանակցելու համաձայնութիւններ, ահա ներկայ պահուն ընթացող զուգահեռ քայլերու տրամաբանութիւնը: Այս տուեալները աւելի համոզիչ կը դարձնեն, որ առանցքային հիմնական հանգոյցը ուժանիւթի վերահսկումի շուրջ գոյութիւն ունեցող խնդիրն է, եւ հրապարակուած տարակարծութիւնը, որուն հիման վրայ Իսլամապատի բանակցային առաջին փուլը չէ արդիւնաւորուած, երկրորդական նշանակութիւն ունի: Լուրերը այն մասին են, որ Իրան առաջարկած է 5 տարուան համար դադրեցնել իւրանիոմի հարստացման աշխատանքը, մինչ Ուաշինկթըն պահանջած է 20 տարի:

Չմոռնանք, որ Հորմուզի նեղուցը միակողմանի վերափակելու Իրանի քայլը հետեւեցաւ ըստ Թեհրանի 10 կէտնոց առաջարկներէն վերջինը չյարգելու պատճառով: Խօսքը Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն շարունակումի մասին է:

Ստացանք հետեւեալը: Հրադադարի համաձայնութիւն: Լիբանանի վրայ յարձակումներու շարունակութիւն, հետեւաբար Հորմուզի նեղուցի վերափակում, որուն դիմաց այս անգամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ամբողջական պաշարում Հորմուզի, թոյլ չտալով, որ Իրան մասնակի գործարկէ այդ անցքը: Այս բոլորով հանդերձ, Միացեալ Նահանգներ, Իրան հրադադարի պահպանում եւ բանակցութիւններու նոր փուլի շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն:

Հիմա գանք Լիբանան: Այս ուղղութեան վրայ եւս կայ Պէյրութ-Թել Աւիւ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններ մեկնարկելու համաձայնութիւն: Պէյրութը չունի համալիբանանեան համախոհութիւն այս նոր շրջափուլին անցնելու համար: Սկզբունքով Պէյրութի նախապայմանը պիտի ըլլար կրակի դադրեցում, տարածքային ամբողջականութեան յարգում, հետեւաբար իսրայէլեան ուժերու հեռացման երաշխիք, որուն դիմաց զէնքի մենաշնորհում:

Լիբանանը սակայն չունի բանակցային խաղաթուղթեր: Չունի նաեւ ներքին միակամութիւն այս հարցին շուրջ: Բացակայ են միջազգային երաշխիքներ` իսրայէլեան յարձակողապաշտութիւնը զսպելու: Մինչ Թել Աւիւ բացայայտ կը յայտարարէ լիբանանեան տարածքներ գրաւելով անվտանգութեան գօտի ձեւաւորելու իր առաջադրանքին մասին` լիբանանեան տարածքներէ հրթիռարձակումի վտանգը չէզոքացնելու անունին տակ:

Եթէ միայն հրադադարի շուրջ համաձայնութեան մասին է խօսքը, ապա փաստերը ցոյց տուին, որ այս վերջին բռնկումէն առաջ, Իսրայէլ չյարգեց նախկին հրադադարի համաձայնութիւնը եւ անվերջ թիրախաւորեց լիբանանեան տարածքներ: Իսրայէլ նաեւ Լիբանանը դուրս բերաւ վերջին հրադադարի համաձայնութենէն եւ ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն-Թեհրան համաձայնութիւնը չի վերաբերիր Լիբանանի:

Չի բացառուիր, որ իրադարձութիւնները յանգին նոր գոյավիճակ (սթաթիւս քօ) ստեղծող հրադադարի, լիբանանեան գրաւեալ տարածքներով եւ երկարատեւ ու անժամկէտ բանակցութիւններով: Այդ նոյնիսկ կրնայ տարակուսելի ըլլալ, նախորդ հրադադարներու միակողմանի խախտումներու շարանը նկատի ունենալով:

Պաշտօնական Պէյրութը բանակցային խաղաթուղթեր վերստանալու համար մեկնարկային անհրաժեշտութեան առջեւ է: Ամէն բանէ առաջ համալիբանանեան մօտեցում եւ համախոհութիւն` բանակցային սկզբունքներու եւ առաջադրանքներու շուրջ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Ապրիլ 2026)

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.