Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Իսրայէլի Հետ Ժողովը «Դրական» Կ՛որակէ

April 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ – Մուաուատ երեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ «նախապատրաստական լաւ ժողով»-ի ընթացքին կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու:

Դեսպանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նախապատրաստական այս ժողովը լաւ էր: Զինադադարի հաստատման եւ տեղահանուածներու տունդարձի կոչ ուղղեցի»:

Ան աւելցուց, որ ժողովի ընթացքին շեշտած է «մեր հողերուն ամբողջականութեան եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն նկտամամբ պետութեան ամբողջական գերիշխանութեան վրայ»:

Ուաշինկթընի Ժողովէն Բխած Միացեալ Հաղորդագրութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ նախապատրաստական ժողովի մանրամասնութիւնները` յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 14 ապրիլ 2026-ին գումարեց եռակողմ ժողով մը, մասնակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, խորհրդական Մայքըլ Նետհամի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լէյթերի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուամուատի:

Ժողովէն բխած միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց. «Այս ժողովը 1993 թուականէն ի վեր Իսրայէլի եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն միջեւ առաջին բարձրաստիճան մակարդակի հաղորդակցութիւնն էր:

«Մասնակիցները արդիւնաւէտ քննարկումներ կատարած են երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու սկսման համար անհրաժեշտ քայլերու շուրջ:

«Միացեալ Նահանգներ շնորհաւորեցին երկու երկիրները այս պատմական ձեռքբերումին համար` իրենց աջակցութիւնը յայտնելով բանակցութիւններու շարունակման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կառավարութեան զէնքի մենաշնորհը վերականգնելու եւ իրանեան չափազանց ազդեցութեան վերջ տալու ծրագիրներուն: Նաեւ յոյս յայտնեցին, որ այս բանակցութիւնները 2024 թուականի համաձայնութեան ծիրէն անդին անցնին եւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնութեան յանգին:

«Միացեալ Նահանգներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Իսրայէլի` Հըզպալլայի շարունակուող յարձակումներուն դէմ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքին, եւ շեշտեցին, որ թշնամական արարքներու դադրեցման որեւէ համաձայնութիւն պէտք է երկու կառավարութիւններուն միջեւ կնքուի Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ եւ ոչ թէ որեւէ անջատ հոլովոյթով: Ինչպէս նաեւ նշեցին, որ այս բանակցութիւնները կրնան առիթ ընծայել Լիբանանի համար վերաշինութեան ու տնտեսական առողջացման մեծ օժանդակութիւններու, ինչպէս նաեւ ընդլայնել երկու երկիրներուն մէջ ներդրումներու առիթները:

«Իսրայէլ, իր կողմէն, զօրակցութիւն յայտնեց ոչ կառավարական բոլոր զինեալ խմբաւորումներու զինաթափման եւ Լիբանանի մէջ «ահաբեկչութեան» ենթակառոյցներու կազմաքանդման` ընդգծելով իր յանձնառութիւնը այս նպատակի իրագործման համար լիբանանեան կառավարութեան հետ աշխատելու, ինչ որ երկու ժողովուրդներու անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորէ: Նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ներգրաւուելու ուղղակի բանակցութիւններու մէջ` լուծելու համար բոլոր առկախ խնդիրները եւ հասնելու տեւական խաղաղութեան մը, որ կ՛ամրապնդէ շրջանի անվտանգութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:

«Լիբանանեան պետութիւնը իր կարգին շեշտեց նոյեմբեր 2024-ին հրապարակուած թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան ամբողջական գործադրութեան հրատապ կարիքը` ընդգծելով հողային ամբողջականութեան ու պետութեան ամբողջական գերիշխանութեան սկզբունքները, եւ կոչ ուղղելով զինադադար հաստատելու ու որդեգրելու շօշափելի քայլեր` լուծելու համար մարդասիրական սուր տագնապը, որմէ երկիրը տակաւին կը տառապի շարունակուող հակամարտութեան պատճառով:

«Բոլոր կողմերը համաձայնեցան ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու` իրենց միջեւ համաձայնեցուած ժամանակին եւ վայրին մէջ»:

Նախորդը

Էրտողան. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներու Շարունակումը Կը Վնասէ Շրջանային Խաղաղութեան Յոյսերուն»

Յաջորդը

Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Զինադադարի Յայտարարութիւնը` Հաւանակա՞ն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.