Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Սի.Պի.Էս»-ի.  Շաբաթ Օրուընէ Սկսեալ Իրանի Դէմ Ամերիկեան  Զինուորական Հարուածի Կարելիութիւն

Ըստ «Սի.Պի.Էս»-ի. Շաբաթ Օրուընէ Սկսեալ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Զինուորական Հարուածի Կարելիութիւն

Ամերիկեան Ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Շաբաթ օրուընէ սկսեալ Իրանի դէմ ամերիկեան զինուորական հարուածի կարելիութիւն գոյութիւն ունի»: Աղբիւրները «Սի.Պի.Էս.»-ին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մինչեւ հիմա Իրանի վրայ յարձակումին վերաբերեալ վերջնական որոշում չտուաւ»: «Սի.Էն.Էն.» իր կարգին յղում կատարելով աղբիւրներու հաղորդեց. «Ամերիկեան բանակը Սպիտակ տան յայտնեց, որ պատրաստ է այս շաբթուան աւարտէն սկսեալ Իրանը...

Խաղաղութեան Խորհուրդի  Առաջին Նիստի Ընթացքին.  Թրամփ. «Լիբանանի Վերաբերեալ Շարք Մը  Հարցերու Վրայ Կ՛աշխատինք,  Եւ Պէտք Է Անոր Խնդիրները Լուծել»

Խաղաղութեան Խորհուրդի Առաջին Նիստի Ընթացքին. Թրամփ. «Լիբանանի Վերաբերեալ Շարք Մը Հարցերու Վրայ Կ՛աշխատինք, Եւ Պէտք Է Անոր Խնդիրները Լուծել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ասիկա մեծ օր է, եւ ունինք մեծաթիւ ղեկավարներ, որոնք Խաղաղութեան խորհուրդի ժողովներուն կը մասնակցին»` նշելով. «Խաղաղութիւնը շատ դժուար է, սակայն զայն պիտի հաստատենք»: «Խաղաղութեան խորհուրդը այն կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն է, որոնց կը մասնակցինք», նշեց ան: «Տակաւին կարգ մը բաներ ունինք կատարելիք, եւ Կազայի մէջ...

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքի  Ժամկէտը Երկու Ամիսով Եւս Երկարաձգուեցաւ

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկու Ամիսով Եւս Երկարաձգուեցաւ

Բագրատ արք. Գալստանեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուեցաւ երկու ամիսով եւս: Մեղադրողները դատարանէն պահանջած էին երկարաձգել կալանքը` նշելով, որ 8 ամիս կալանքի տակ գտնուող Բագրատ սրբազանի կալանքի հիմքերը չեն վերացած: Ան առանցքային մեղադրեալ է ենթադրեալ ահաբեկչութիւնը կազմակերպելու քրէական գործին մէջ, ուստի, ըստ մեղադրողներուն, ան ազատութեան մէջ կրնայ նոր յանցանք կատարել կամ խոչընդոտել գործի ընթացքին: Դատաւորը եւս որոշումին մէջ նշեց, որ «կալանքի հիմքերն...

Նախագահ Աուն Մաքրոնէն Հրաւէր Ստացաւ`  Մասնակցելու Փարիզի Մէջ Բանակի  Աջակցութեան Խորհրդաժողովին

Նախագահ Աուն Մաքրոնէն Հրաւէր Ստացաւ` Մասնակցելու Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովին

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնէն հրաւէր ստացաւ իբրեւ համանախագահ մասնակցելու 5 մարտին Փարիզի մէջ գումարուելիք լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովին: Մաքրոն Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի կողմէ նախագահ Աունի յանձնուած հրաւէրին մէջ նշեց. «Նախագահ Աունի անձնապէս մասնակցութիւնը քաղաքական ուժեղ նշան է, որ կ՛արտացոլէ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ կապերու ամրութիւնը եւ երկու կողմերուն...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանէ եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանէ ու Կարօ Յարութիւնեանէ, այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ Պահիա Հարիրի եւ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու վերջին իրադարձութիւնները:

Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն Քաղաքին Մէջ  Սկսաւ Եպիսկոպոսաց Հաւաքը

Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն Քաղաքին Մէջ Սկսաւ Եպիսկոպոսաց Հաւաքը

17 փետրուարին Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն քաղաքին մէջ իր աշխատանքները սկսաւ Եպիսկոպոսաց հաւաքը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան քսանհինգ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, ներառեալ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւններէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Առաւօտեան ժողովականները մասնակցեցան Արեւագալի ժամերգութեան: Հոգեւոր խորհրդածութենէ եւ աղօթական առանձնացումէ ետք յետմիջօրէին սկսաւ հաւաքը: Եպիսկոպոսաց հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդեց միասնութեան մասին Պօղոս առաքեալի`...

Վանս. «Իրան Տակաւին Պատրաստ Չէ Թրամփի  Ճշդած Կարգ Մը Կարմիր Գիծերը Ընդունելու»

Վանս. «Իրան Տակաւին Պատրաստ Չէ Թրամփի Ճշդած Կարգ Մը Կարմիր Գիծերը Ընդունելու»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց. «Իրան տակաւին պատրաստ չէ նախագահ Թրամփի ճշդած կարգ մը կարմիր գիծերը ընդունելու»: Անդրադառնալով երեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ քանի մը ժամ տեւած Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը ըսաւ. «Որոշ առումներով հարցերը դէպի լաւ ուղղուեցան, եւ կողմերը համաձայն գտնուեցան յառաջիկային հանդիպելու: Սակայն այլ առումներով, յստակ է, թէ նախագահը ճշդեց կարգ մը կարմիր...

«Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունինք, Եւ Ատիկա Կազայի Մէջ Զինադադարին Հետ Կապ Չունի» Կ՛ըսէ ՄԱԿԻ-ի Մէջ Իրանի Ներկայացուցիչը

Իրանցի Պաշտօնատար Մը «Ժազիրա»-ին. «Խամենէիի Ուաշինկթընի Ուղղուած Վերջին Սպառնալիքի Գործադրութիւնը Գործնական Մակարդակի Վրայ Պատրաստ Է Եւ Հասանելի»

Իրանցի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի Ուաշինկթընի ուղղուած վերջին սպառնալիքի գործադրութիւնը գործնական գետնի վրայ պատրաստ է եւ հասանելի»: «Գործնական մարզում տեղի կ՛ունենայ Իրանի վրայ ամերիկեան որեւէ յարձակումի դիմակայման շարք մը բեմագրութիւններու վրայ», նշած է պաշտօնատարը: Յիշեցնենք, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ...

Վատիկան Պիտի Չմասնակցի  Խաղաղութեան Խորհուրդին

Վատիկան Պիտի Չմասնակցի Խաղաղութեան Խորհուրդին

Վատիկան յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստեղծած Խաղաղութեան խորհուրդին, եւ նշեց, որ Իտալիոյ իբրեւ դէտ մասնակցութեան որոշումին մէջ «շփոթ յառաջացնող» կողմեր գոյութիւն ունին: Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի եւ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի հետ ժողովէն ետք լրագրողներուն յայտարարեց. «Վատիկանը պիտի չմասնակցի Թրամփի գլխաւորած Խաղաղութեան խորհուրդին, որովհետեւ ունի իւրայատուկ բնոյթ մը, որ յստակօրէն տարբեր...

Խմբագրական.  Փետրուարեան Դասերը

Խմբագրական. Փետրուարեան Դասերը

Փետրուար ամիսը եռախորհուրդ նշանակութիւն ունի, միեւնոյն առանցքով: Նախ կը նշուի Վարդանանքը, յետոյ Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ վերջապէս Արցախի ազատագրական շարժումը: Պարզ է, որ առանցքը բռնատիրութեան դէմ հաւաքական ծառացումն է եւ ազգային արժանապատուութեան գերադասումը: Եռախորհուրդը սակայն երկարաժամկէտ դրուածքով հայկական կողմին կառչած առաջադրանքներուն յաղթանակն է: Եթէ Վարդանանքը ժամանակի հեռաւորութենէն դիտուած ինքնութեան պահպանումն էր եւ կրօնափոխութեան մերժումը, ապա Փետրուարեան ապստամբութեամբ հանրահռչակուած ազատութեան եւ անկախութեան...

Ռուբէն Վարդանեան Դատապարտուեցաւ  20 Տարուան Բանտարկութեան

Ռուբէն Վարդանեան Դատապարտուեցաւ 20 Տարուան Բանտարկութեան

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դատապարտուեցաւ 20 տարուան բանտարկութեան: Երբեւէ զինուորական պաշտօն չվարած Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուեցաւ շարք մը յանցանքներու մէջ, ներառեալ Ազրպէյճանի դէմ պատերազմը, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը եւ մարդիկ տեղահանելը: Վարդանեան իր փաստաբանին արգիլած էր ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ` տեղի ունեցողը որակելով ոչ թէ դատ, այլ խեղկատակութիւն: Շուրջ մէկ տարի տեւած դատավարութեան այդպէս ալ որեւէ անկախ փաստաբան,...

Կառավարութեան Ճշդած  Նոր Տուրքերուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Կառավարութեան Ճշդած Նոր Տուրքերուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի գիշեր աւարտեց իր երկարատեւ ժողովը: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտարարեց. «Նախարարաց խորհուրդը որոշեց պաշտօնեաներուն 6 յաւելեալ ամսականներ տալ, անոնց բոլոր յաւելուածներով ալ զինուորականներուն` հիմնուելով 2019 թուականին որոշուած արժէքին վրայ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդը ջնջեց մազութին վրայ նախապէս ճշդուած տուրքը»: «Ամսականներու յաւելումը աշխատավարձին վրայ ամսական փոխհատուցման պէս է եւ իսկական աշխատավարձին մաս չի կազմեր», բացատրեց ան:...

Կառավարութեան Վերջին Որոշումին  Վերաբերեալ Բագրատունիի Գրառումը

Կառավարութեան Վերջին Որոշումին Վերաբերեալ Բագրատունիի Գրառումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Յաւելուած արժէքի տուրքը (Թէ.Վէ.Ա.) եւ պենզինի տուրքը աւելցնելու կառավարութեան որոշումէն ետք, լիբանանցիներուն այս կառավարութեան նկատմամբ յոյսը վերածուեցաւ մղձաւանջի: Նշանակումներէն ու բարեկարգումներու խոստումներէն ետք, եկան աշխատավարձերու յաւելումներու պատրանքով որոշումները: «Զինուորականներու ամսականներուն յաւելումը ի՞նչ օգուտ ունի, երբ անոնց սպառածին ճամբով այդ յաւելումը անոնցմէ ետ կը խլուի: «Ոչ ոք...

Ժընեւի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Բանակցութիւններ.  Արաղչի. «Նախնական  Փոխհասկացողութիւն Ձեռք Բերինք»

Ժընեւի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններ. Արաղչի. «Նախնական Փոխհասկացողութիւն Ձեռք Բերինք»

Ժընեւի մէջ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու աւարտէն ժամեր ետք բանակցութիւններուն իրանեան պատուիրակութեան պետ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց. «Բաղդատմամբ նախկին փուլին, բանակցութիւններու այս փուլին դրական զարգացումներ կան»: Ան այս մասին յայտնեց իրանեան պատկերասփիւռի կայանին: Ան ըսաւ, որ իր երկրի պատուիրակութիւնը «Ամերիկայի հետ հիմնական սկզբունքներուն շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն ձեռք բերաւ»` աւելցնելով. «Այլեւս Ամերիկայի...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք. «Պահ Դրուած  Գումարներու Սեփականատէրերու Իրաւունքը Քաղաքական Հարց Չէ,  Այլ Սկզբունքային, Օրինական Ու Բարոյական Հարց»

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք. «Պահ Դրուած Գումարներու Սեփականատէրերու Իրաւունքը Քաղաքական Հարց Չէ, Այլ Սկզբունքային, Օրինական Ու Բարոյական Հարց»

«Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու պոռթկումը» միութիւնն ու Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող ֆրանսացի լիբանանցիներուն միութիւնը Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետ գումարեցին ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին օրէնսդրական ու ելեւմտական վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար այն օրինագիծը, որուն որդեգրումը կառավարութիւնը կը ջանայ ապահովել, եւ որ կը բովանդակէ կէտ մը պահ դրուած սեփանակատէրերուն  գումարները վերածելու անյայտ ճակատագիրով պարտատոմսերու, ինչ որ ուղղակի...

«ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք  Լիբանանի Կողքին Պիտի Մնանք»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Նախագահը

«ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Լիբանանի Կողքին Պիտի Մնանք» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Նախագահը

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ: Ան Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք Լիբանանի կողքին պիտի մնանք` ամրապնդելու համար պետութեան ուժը»: «Գերմանիան Լիբանանի հետ գործակցող մեծագոյն կողմերէն մէկն էր եւ ուժեղ կերպով ներգրաւուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ին մէջ, մենք Լիբանանին աջակցեցանք` ապահովական դժուար կացութեան մէջ զայն ուժեղացնելու...

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանսահայ  Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դատապարտելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան քաղաքականապէս դրդուած արշաւը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը խորին ափսոսանքով եւ առաւելագոյն վճռականութեամբ կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ սկսած բռնաճնշումները: Այս սրացումը նոր` առաւել վտանգաւոր փուլ թեւակոխած է` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նկատմամբ յարուցուած անհիմն եւ ապօրինի...

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Վերադարձի Հարցը  Պիտի Դիտարկէ Փոխադարձութեան Պայմանով»

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Վերադարձի Հարցը Պիտի Դիտարկէ Փոխադարձութեան Պայմանով»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ իրականացուած շինծու դատավարութեան արդիւնքներուն յայտնեց. «(Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ) Վանսի հետ քանի մը ժամ տեւած քննարկման ընթացքին այդ հարցը նոյնպէս բարձրացուած է, եւ ես Ազրպէյճանի դիրքորոշումը ներկայացուցած եմ, եւ վերջ: Մենք հիմնականին մէջ քննարկած ենք երկկողմանի յարաբերութիւները, շրջանային զարգացումը, ԹՐԻՓՓ-ը եւ Հայաստանի հետ պաշտօնական խաղաղութեան...

Նեթանիահու. «Պահանջեցինք Կազմաքանդել Իրանին  Իւրանիոմ Հարստացնել Արտօնող Ենթակառոյցը  Եւ Հարստացուած Նիւթը Երկրէն Դուրս Բերել»

Նեթանիահու. «Պահանջեցինք Կազմաքանդել Իրանին Իւրանիոմ Հարստացնել Արտօնող Ենթակառոյցը Եւ Հարստացուած Նիւթը Երկրէն Դուրս Բերել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Պահանջեցինք կազմաքանդել Իրանին իւրանիոմ հարստացնել արտօնող ենթակառոյցը եւ հարստացուած նիւթը դուրս բերել երկրէն: Ուաշինկթընի մէջ մեր բանակցութիւններուն ընթացքին ընդգծեցինք, թէ անհրաժեշտ է չպահպանել իրանեան հրթիռային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պահանջեցինք իրանեան թեւաւոր հրթիռներուն հասողութիւնը միայն 300 քիլոմեթրով սահմանափակել»: Ան ըսաւ, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը պարզապէս իւրանիոմի հարստացման գործողութեան դադրեցում պէտք չէ ըլլայ: Միւս կողմէ, լաւատեղեակ երկու...

Page 43 of 795 1 … 42 43 44 … 795

Արխիւներ