Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժողովուրդին Օժանդակելը Այսօրուան Հրամայականն Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս Հաստատեց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպման Ընթացքին

July 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը երէկ այցելեցին Պիքֆայա` շնորհաւորական տեսակցութիւն ունենալու համար Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց այցելութեան նպատակը, լրիւ կազմով ներկայանալու հանգամանքը եւ յանուն Լիբանանի Դաշնակցութեան շնորհաւորեց վեհափառը իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:

Յ. Բագրատունի վեր առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ վեհափառ հայրապետին  այդ օրերուն իբրեւ առաջնորդ ծառայութեան նուիրուածութիւնը, խիզախութիւնն ու ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու նախանձախնդրութիւնը: Ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ վեհափառի 25-ամեայ բեղուն գործունէութեան` եկեղեցականէն հրատարակչական, միջազգայինէն համասփիւռքեան եւ համահայկական, եւ յատկապէս պահանջատիրական առումով Հայ դատի համընդհանուր գործունէութեան մէջ իր բերած մեծ աւանդին:

Վեհափառը իր կարգին գնահատանքով անդրադարձաւ Դաշնակցութեան կառոյցներու բոլորանուէր աշխատանքին, ծառայութեան ոգիի տարբեր դրսեւորումներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Դաշնակցութիւն համագործակցութեան: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտը դրաւ նոյն ոգիով յատկապէս ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ ժողովուրդի զանազան կարիքներուն հասնելու հրամայականին վրայ` շեշտելով Ազգային առաջնորդարանի, կուսակցութիւններու եւ միութենական կառոյցներու համակարգուած աշխատանք իրականացնելու կարեւորութիւնը: Ապա վեհափառը գնահատեց տարբեր շրջաններու մէջ լիբանանահայութեան  ի նպաստ տարբեր աշխատանքները, որոնք համահայկական զօրակցութեան բնոյթ ստացան: Ինչպէս նաեւ արժեւորեց նուիրատու այն անհատները, որոնք գիտակից ստեղծուած ճգնաժամային պայմաններուն` իրենց մասնակցութիւնը բերին օժանդակութեան աշխատանքներուն:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ խորհրդակցելու լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ հետագայ աշխատանքները ծրագրելու մասին:

Այնուհետեւ Յակոբ Բագրատունի յանուն Կեդրոնական կոմիտէին 25-ամեակի առիթով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Նախորդը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Յարձակումներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Ճեմարան՝ Ժողովուրդի Բոլոր Խաւերու Զաւակներուն Դարբնոցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.