Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերը Վճռականութեամբ Կը Շարունակեն Իրենց Աշխատանքները

Յուլիս 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 21 յուլիս 2020-ին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ դատի յանձնախումբերու առցանց արտակարգ հանդիպում մը: 13 տարբեր եւրոպական երկիրներէ Հայ դատի 30 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան հանդիպումին: Ներկաները քննարկեցին Հայաստանի Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ ազրպէյճանական ռազմական յարձակումին վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այս ընթացքին քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ  Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերուն տարած եւ տանելիք աշխատանքները:

Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ հայկական բանակին` խստօրէն դատապարտելով ազրպէյճանական սադրանքներն ու Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն վրայ եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ անընդունելի ուժի կիրառումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ռազմական այս գործողութիւնները եւ ազրպէյճանական բարձրագոյն պետական պաշտօնեաներու կողմէ հնչած պատերազմական եւ ահաբեկչական կոչերը` մանաւանդ Մեծամօրի կորիզային ելեկտրակայանը հարուածելու սպառնալիքները անգամ մը եւս կու գան ապացուցելու Ալիեւի վարչակարգին` ոչ միայն տագնապը զինուորական միջոցներով լուծելու նպատակը, այլ նաեւ տարածաշրջանային մարդկային անվերաշրջելի աղէտ պատճառելու ծրագիրը:

Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները գնահատեցին Եւրոպական Միութեան անդամ այն բազմաթիւ պետութիւնները, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարանի անդամները, որոնք, ընդառաջելով Հայ դատի յանձնախումբերու կոչին, դատապարտեցին Ազրպէյճանի սադրանքները` վերջինէն պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, յարգել զինադադարի համաձայնագիրը, վերադառնալ բանակցութեան սեղան եւ պայքարիլ բացառապէս համաճարակին դէմ:

Հայաստան-Ազրպէյճան հիւսիսարեւելեան սահմանին տեղի ունեցած բախումները, Պաքուի մէջ ծնունդ տուին հակահայկական բողոքի ցոյցերու, որոնք աշխարհին բացայայտեցին ազրպէյճանական կառավարութեան հայատեաց պետական դատապարտելի քաղաքականութիւնը, որ հետզհետէ կը տարածուի հանրութեան մէջ եւ կը վնասէ խաղաղութեան տեսլական ստեղծելու միջազգային հանրութեան ջանքերուն:

Խիստ մտահոգիչ են նաեւ Ազրպէյճանի յարձակումին սատարող Թուրքիոյ կառավարութեան բացայայտ յայտարարութիւնները: Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիան, համագործակցաբար Ազրպէյճանի հետ, Հայաստանի ու Արցախի դէմ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութիւն կը վարէ: Թուրքիոյ ռազմական հրահրումը կամ Արցախ-Ազրպէյճան հակամարտութեան մէջ ներգրաւուածութիւնը լուրջ վտանգ կրնայ ստեղծել ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքական անվտանգութեան, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան շահերուն եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան:

Եւրոպայի տարածքին գործող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը վերահաստատեցին ամենայն վճռականութեամբ շարունակել իրենց աշխատանքը` ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու պաշտպանութեան` եւրոպական քաղաքական եւ լրատուական շրջանակներու մէջ իրազեկելով թուրք եւ ազրպէյճանական պետութիւններուն հակամարդկային, ահաբեկչական եւ կործանարար քայլերուն մասին:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Մինչ Թրքական 17 Մարտանաւեր Կ՛Ուղղուին Դէպի Յունաստանի Ջուրեր. Յունական Բանակը Դրուած Է Պատրաստ Վիճակի Մէջ, Եւ Սպայակոյտի Պետը Շտապ Վերադարձած Է Աթէնք

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծումը Կը Բխի Բանակցային Հոլովոյթի Մասնակից Բոլոր Երկիրներուն Շահերէն» Կ՛ըսէ Կրուշքօ

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?