Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Պայքարը

July 28, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթներէ ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը թիրախ դարձած է ազրպէյճանական նենգ ու դաժան ոտնձգութիւններու: Կիրակի, 12 յուլիս 2020-էն ի վեր ազրպէյճանական զինուած ուժերը, խախտելով 1994-ի զինադադարը, Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանին ուղղութեամբ լայնածաւալ ներթափանցման փորձեր եւ յարձակումներ կը կատարեն:

Լիբանանի մէջ գործող հայկական երեք կուսակցութիւններու ուսանողական-երիտասարդական թեւերը խստիւ կը դատապարտեն Ազրպէյճանի գործած յարձակումներն ու կատարած ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ ներխուժման փորձերը, որոնք ձախողութեան կը մատնուին հայկական բանակին կողմէ:

Ամբողջ աշխարհը այսօր ականատես է Ազրպէյճանի վարած հայատեաց յարձակողական քաղաքականութեան: Ամբողջ աշխարհը այսօր նաեւ կը ծանօթանայ ազերի ժողովուրդի այդ մեծ հատուածին, որ խաղաղութիւն չի ճանչնար, անընդհատ պատերազմի կոչ կ՛ուղղէ, եւ տարբեր ձեւերով կը թիրախաւորէ հայը` ըլլայ ան Հայաստանի մէջ թէ Արցախի, Ամերիկայի մէջ թէ Ռուսիոյ: Այս մէկը նաեւ կը բացայայտուի Ազրպէյճանի տարած ապատեղեկատուական հսկայական պայքարով` յատկապէս սուտ եւ անճիշդ քարոզչութիւն կատարելով ազրպէյճանական եւ օտար մամլոյ հարթակներուն վրայ:

Միւս կողմէ, մեծ հպարտութիւն է մեզի համար տեսնել, թէ ինչպէս կ՛եռայ հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ նոր սերունդին արիւնը, երբ Հայաստանի ու հայութեան սպառնացող ահազանգը լսուի: Հպարտութիւն է մեզի համար իւրաքանչիւր բողոքի արարք, ըլլայ փողոցներուն մէջ, դեսպանատուներու դիմաց կամ ընկերային ցանցերու վրայ: Ահաւասիկ անգամ մը եւս ինքզինք կը պարտադրէ «Պետութիւն-ազգ- բանակ» համարժէքը:

Ի դէպ` ուսանողական-երիտասարդական միութիւններս աշխատանքի լծուած ենք դիւանագիտականօրէն միջազգային ընտանիքին հասցնելու այդ ահազանգը` դիմելով Լիբանանի մէջ  գործող աւելի քան 20 երկիրներու դեսպանատուներու եւ դեսպաններու` անոնց կոչ ուղղելով լուռ չմնալու Ազրպէյճանի գործած անիրաւութեան եւ նախայարձակման հանդէպ:

Մենք համոզուած ենք, որ խաղաղ գործընթացով է, որ պիտի լուծուի երկու պետութիւններու միջեւ որեւէ խնդիր, եւ ո՛չ պատերազմով:

Եւ վերջապէս, աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան կոչ կ՛ուղղենք, որ շարունակէ բարձր ու վառ պահել Հայաստանի ու հայութեան ջահը, ըլլայ պատնէշը Հայաստանի անվտանգութեան, եւ, ի պահանջել հարկին պատրաստ ըլլայ կեանքի գնով ծառայելու եւ պայքարելու հայ զինուորի կողքին:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՍԴՀԿ ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՌԱԿ ԵՌԱԿ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐ
ՌԱԿ Մ. ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱՑ ԱԿՈՒՄԲ

 

Նախորդը

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Սկաուտական Խմբապետական Առցանց Համագումարին Աշխատանքները Ընթացք Առին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Շահէ Եպս. Փանոսեանի Ընտրութիւնը Եւ Արքութեան Տիտղոս Շնորհեց Անոր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.