ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց տուած է Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարին:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է յուլիս 12-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ իրավիճակի սրման եւ այդ գծով ՀՅԴ սփիւռքեան կառոյցներուն ու Հայ դատի գրասենեակներուն ձեռնարկած քայլերուն:
«Տաւուշեան դէպքերէն ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, բնականաբար, ձեռնարկեց անմիջական աշխատանքներու, առաջին հերթին` քարոզչական մարզին մէջ: Մեր գրասենեակներն ու յանձնախումբերը անցան գրոհի` դիմագրաւելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ քարոզչական արշաւը, ինչպէս նաեւ իրականութիւնը ներկայացնելու եւ օժանդակելու Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութեան», հաստատած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները` մեր յառաջիկայ թիւով: