Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն` Զերծ Մնալու Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Ուղղուած Սպառնալիքներէն

July 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը` Ռուսիայէն, Սթեֆան Վիսքոնթին` Ֆրանսայէն, Էնտրիւ Շոֆըրը` Միացեալ Նահանգներէն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը յայտարարութիւն հրապարակեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու բախումներուն վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ անոնք ողջունեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 16 յուլիսէն հաստատուած յարաբերական կայունութիւնը: Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղեցին` օգտուելու աշխուժ մարտական  գործողութիւններու թուլացումէն եւ նախապատրաստուելու առարկայական բանակցութիւններու` տագնապին համապարփակ լուծում գտնելու համար:

Համանախագահները անգամ մը եւս ընդգծեցին, որ այս բարդ շրջանին չափազանց կարեւոր է զերծ մնալ սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ` ներառեալ սպառնալիքներէ կամ ենթադրեալ սպառնալիքներէ` ուղղուած  քաղաքացիական բնակչութեան եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներուն:

Համանախագահները ընդգծեցին, որ համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերը քննադատող վերջին հրապարակային յայտարարութիւնները կամ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ միակողմանի «նոր պայմաններ» սահմանելու եւ ձեւաչափը փոխելու ձգտումները չեն նպաստեր կառուցողական երկխօսութեան վերսկսման: Անոնք հաստատեցին, որ մնայուն խաղաղ լուծման հասնելու քաղաքական կամքը լաւագոյնս կ՛արտայայտուի առաւելապաշտական մօտեցումներէ, սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ զերծ մնալով, ինչպէս նաեւ զինադադարի դրութեան խստօրէն հաւատարիմ մնալով:

Համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչը իրենց  երախտագիտութիւնը կը յայտնեն միջազգային կառոյցներուն, որոնց կարգին ՄԱԿ-ին, ԵԱՀԿ-ին եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն` աշխուժ մասնակցութեան համար, որոնց կոչերը` խստօրէն հետեւելու զինադադարի դրութեան պահպանման եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ երկխօսութեան վերսկսելու, կը համընկնին համանախագահներուն միացեալ միջնորդական ջանքերուն եւ կ՛աջակցին անոնց:

«Մենք յատուկ կերպով կ՛ընդգծենք անկողմնակալութիւնը այնպիսի  միջամտութիւններու, որոնք կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` կեդրոնանալու լարուածութիւնը թուլացնելու վրայ, ոչ թէ վերջին լարուածութիւնը յառաջացնելու պատասխանատուութիւնը բարդելու ուրիշներու վրայ: Համանախագահները կ՛ողջունեն լարուածութեան մեղմացման եւ առանց պայմաններու բանակցութիւններու վերսկսելու գծով միջազգային աճող պնդումը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Համանախագահները հաստատեցին նաեւ, որ 2019 թուականի մարտ 9-ի յայտարարութեան մէջ շարադրուած սկզբունքներն ու տարրերը կը շարունակեն մնալ հիմք իրենց միջնորդական ջանքերուն: Համանախագահները պատրաստ են հանդիպելու երկիրներու ղեկավարներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ` որեւէ պահու: Համանախագահները նաեւ ընդգծեցին, որ ԵԱՀԿ-ի դիտորդները պէտք է որքան կարելի է շուտ վերադառնան շրջան:

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Ռուսիան Ազգամիջեան Բախումներու Թատերաբեմ Դարձնելու Փորձ Կը Նկատէ Ազրպէյճանցիներուն Քայլերը

Յաջորդը

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.