Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նիստ Եւ Ընտրութիւններ. Շահէ Եպս. Փանոսեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ

Յուլիս 25, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց նիստ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին:

Աղօթքէն ետք, կաթողիկոսական փոխանորդը ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նամակը, որուն մէջ նշուած է, «Նկատի ունենալով երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապը, անհրաժեշտ է, որ առաջնահերթութիւն տրուի ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու միտող աշխատանքներուն: Սպասելի է, որ այս ծիրին մէջ կատարուող աշխատանքները առաւել ծաւալ ու շեշտաւորում ստանան յառաջիկայ շրջանին: Յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի կրթական մարզին` մէկ կողմէն հետեւելով կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ցուցմունքներուն, եւ միւս կողմէ, անհրաժեշտ քայլերու դիմելով, մեր աշակերտները մեր դպրոցներուն կապուած պահելու համար: Վերջապէս, անհրաժեշտ է, որ կարելի բոլոր միջոցներով եկեղեցին իր ծառայութեամբ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ դառնայ մնայուն ներկայութիւն»: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը գնահատանքը կը յայտնէ կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանին, Ազգային վարչութեան ու բոլոր մարմիններուն` իրենց կատարած աշխատանքներուն համար:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին,  առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն ու վաւերացնեն Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութիւնը: Այնուհետեւ, յաջորդաբար ներկայացուեցան ու քննարկուեցան Լիբանանի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան 2018-2020 երկամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրները: Յառաջիկայ շրջանին համար ժողովականները նաեւ կատարեցին առաջարկներ ու թելադրութիւններ:

Ապա Ազգային երեսփոխանական ժողովը կատարեց հետեւեալ ընտրութիւնները.-

ա.- Կրօնական ժողով` Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Հէճինեան, Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, Առաքել քհնյ. Տմտմեան եւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան:

բ.- Ազգային վարչութիւն` Րաֆֆի Սիսլեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Յակոբ Լուսարարեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Նազօ Անտէքեան, Արամ Գալենճեան, Շաղիկ Կոկոնեան եւ Ժաք Տէմիրճեան:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբ` Ալեքսան Մուրատեան, Սիւզի Սեմէրճեան եւ Սագօ Սիմիթեան:

Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց Ազգային վարչութեան Խառն ժողովին կողմէ առաջնորդի ընտրութեան համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն պատկերը: Պարզուեցաւ, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը արդէն իսկ ներկայացուցած է ընտրելի միաբաններու եռանուն ցանկ մը` բաղկացեալ Մակար եպս. Աշգարեանէ, Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանէ եւ Շահէ եպս. Փանոսեանէ:

Այնուհետեւ, Ազգային երեսփոխանները միաձայնութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրեցին Շահէ եպս. Փանոսեանը:

Աւարտին, խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ հաստատեց, թէ հաւաքական ճիգով պիտի յաղթահարուին լիբանանահայութեան դժուարութիւնները` վստահեցնելով, որ գաղութը բոլորին աշխատանքներով պիտի մնայ կանգուն, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի սահմաններէն անդին եւս ունի համահայկական առաքելութիւն: Առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային երեսփոխաններուն` վստահութեան համար, խոստանալով, որ յառաջիկային իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ ծառայելու եկեղեցւոյ եւ հաւաքականութեան:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արտերկրի Մէջ Հայերու Նկատմամբ Բռնութիւնն Ու Սադրանքը Կ՛ուղղորդուին Ազրպէյճանի Պետական Կառոյցներու Կողմէ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիզպոնը Եւ Անգարայի Բարձրագոյն Նիստերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?