Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախարարաց Խորհուրդին Մէջ Կը Ներկայացնեմ Երիտասարդութեան Ձայնը, Իսկ Լիբանանցի Երիտասարդներուն Կ՛ըսեմ. Լիբանանը Ձեզի Կը Պատկանի» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

Օգոստոս 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան  կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով երկիրը փակելու կառավարութեան որոշումին, նախարարութեան վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ ընդհանուր իրավիճակին:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան մաղթեց, որ բոլոր մարզերը յանձնառու կը մնան ընդհանուր զօրաշարժին ենթարկուելու որոշումին` գիտնալով հանդերձ, որ բոլոր մարզերը փակ պահելով երկրին տնտեսութիւնը եւ քաղաքացիին ապրուստը կը վտանգուին:

«Ճի՛շդ է, որ «Քորոնա»-ի ժահրի տարածման սկզբնական փուլին կառավարութիւնը կրցաւ իր որոշումներով կացութիւնը հակակշռել, եւ կը յուսանք, որ այս փուլին եւս` նոյնքան եւ աւելի պատասխանատուութեամբ պիտի փորձենք ապահովել քաղաքացիներուն առողջութիւնը: Ներկայ փուլը վտանգաւոր է` այն իմաստով, որ մենք կը խօսինք կենաց մահու մասին, հետեւաբար բոլորէն կը խնդրեմ հետեւիլ կառավարութեան որոշումներուն եւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերել ընդհանուր զօրաշարժին հետեւելու, որպէսզի կարենանք ապահովել լիբանանցիներուն բարօրութիւնը», ըսաւ ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարելու իմաստով կառավարութեան նիստին ընթացքին արձանագրուած են տարբեր կեցուածքներ` աւելցնելով, որ կարելի չէ ատիկա նախարարներուն միջեւ բանավէճ կոչել, «այլ` բնական խորհրդակցութիւն եւ տարբեր կեցուածքներու արտայայտութիւն, որ առողջ է եւ ժողովրդավարական: Կառավարութեան նիստերուն ընթացքին խորհրդակցութիւնը միշտ առկայ է, իսկ խնդրոյ առարկայ նախարարին կարծիքը միշտ յարգելի` նկատի ունենալով, որ կացութիւնը ուղղակի որոշ նախարարութեան կը վերաբերի: Ես անձամբ համաձայն եմ, որ ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարուի եւ երկիրը փակուի, որովհետեւ խոցելի փուլի մը մէջ ենք: Պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին համար, որ մենք քաղաքացին չենք փափաքիր խեղդել, այլ` կ՛ուզենք լիբանանցիներուն առողջութիւնը պահպանել», յայտնեց ան:

Երիտասարդութեան վերաբերող հարցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ այսօր լիբանանցի երիտասարդները ունին բազմաթիւ մտահոգութիւններ եւ մտավախութիւններ, որոնք տեղին են: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է պատասխանէ երիտասարդութիւնը մտահոգող հարցումներուն, իսկ կառավարութիւնը իր որդեգրելիք բարեկարգումներով ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուի` լուծելու համար երկրին հարցերը եւ յոյս ներշնչելու Լիբանանի երիտասարդութեան:

«Պէտք է լաւ ըմբռնել այն իրականութիւնը, որ երիտասարդութեան հարցերը միայն մէկ նախարարութեամբ չեն սահմանափակուիր, որովհետեւ լիբանանցի երիտասարդին կարիքները կը վերաբերին բոլոր նախարարութիւններուն, որոնք իրենց կարգին պէտք է տէր կանգնին լիբանանցի երիտասարդներուն», հաստատեց ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը նախորդ երկու տասնամեակներուն ընթացքին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նկատմամբ ցուցաբերած է «գոհացումի» նախարարութիւն մը ըլլալու մօտեցումը, «մինչդեռ այս նախարարութիւնը «ուժային» նախարարութիւն մըն է, աւելի ճիշդ` կարեւորագոյն նախարարութիւնը: Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր տեսակէտը փոխէ այս իմաստով, ուշադրութիւն դարձնէ այս նախարարութեան եւ վերացնէ անոր աշխատանքը խոչընդոտող բոլոր արգելքները` սկսելով անոր պիւտճէէն: Նախարարութեան պիւտճէն պետութեան ամավարկին 0.09 առ հարիւրի համեմատութիւնը ունի, այսինքն` անոր նկատմամբ կը ցուցաբերուի այն վարուելակերպը, որ այդ նախարարութիւնը կարծէք գոյութիւն չունի` իրաւասութիւններու, մարդուժի, կարողութիւններու իմաստով: Կը կարծեմ, որ լիբանանցի երիտասարդներուն

պահանջը այս է իրենց պետութենէն, մանաւանդ որ իրենք են Լիբանանի ապագան», ըսաւ նախարար Օհանեան-Գէորգեան:

Նախարարութեան աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ տեղի կ՛ունենայ օրէնսդրական հսկայական աշխատանք, ինչպէս նաեւ կը կատարուի նախարարութեան կանոնագիրի բարեփոխում, նախարարութեան կազմաւորումի արդիականացում, որպէսզի նախարարութիւնը գետնի վրայ աշխատանք կարենայ տանիլ: «Այսօրուան դրութեամբ նախարարութիւնը գետնի վրայ գործելու իրաւասութիւն չունի», ըսաւ ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը 2012-ին վաւերացուցած է երիտասարդական քաղաքականութիւնը եւ որդեգրած զայն: Այս քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած են շուրջ 12 նախարարութիւններ, ինչպէս` առողջապահութեան, աշխատանքի, տնտեսութեան, ելեւմուտքի նախարարութիւնները:

«Երիտասարդութեան նախարարութիւնը այսօր կը մշակէ երիտասարդական քաղաքականութեան գործադրութեան ծրագիրը` գործակցութեամբ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, «Եու. Էն. Էֆ. Փի. Էյ.»-ի եւ լիբանանեան երիտասարդական միութիւններու», աւելցուց ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց նաեւ, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը իր հետեւանքները կ՛ունենայ մարմնակրթութեան մարզին վրայ: Ան ըսաւ, որ ինչպէս բոլոր մարզերը, մարմնակրթութեան մարզը եւս գործելու չափանիշներ ունի եւ նախազգուշութիւններու ցանկ մը, որ որդեգրուած է բոլորին կողմէ: «Ընդհանուր զօրաշարժը կը վերաբերի բոլորին, հետեւաբար անոր գործադրութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է բոլորին յանձնառութեան, որուն չգոյութեան պարագային, դժբախտաբար պիտի ուղղուինք երկիրը ամբողջովին փակելու պարտաւորութեան», շեշտեց ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ 2022-ին Պէյրութը պիտի ըլլայ արաբ երիտասարդութեան մայրաքաղաքը: «Ասիկա մեծ իրադարձութիւն է, որուն կազմակերպումը պէտք է սկսինք այսօրուընէ, եւ այդ իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ պետական մակարդակով», յայտնեց ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է աւելի արդիւնաբեր աշխատանք տանի` աւելցնելով սակայն, որ կառավարութիւնը կը գիտակցի երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար եւ զգայուն փուլին, եւ այս իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նուաճումներ իրագործելու: «Արդէն իսկ կատարուած են մեծ թիւով կարեւոր նշանակումներ` յարգելով Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ հիմնուելով ատակութեան եւ թափանցիկ աշխատանքի չափանիշներուն վրայ: Բարեկարգումներու գործադրութեան առումով, կառավարութիւնը տուած է Կեդրոնական դրամատան հաշիւները քննելու նպատակով իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու որոշումը, որ փտածութեան դէմ պայքարի եւ բարեկարգումներու գործադրութեան մայր մուտքն է», ըսաւ նախարար Օհանեան-Գէորգեան` աւելցնելով, որ իր անձնական առաջարկն էր կառավարութեան նաեւ, որ իրաւական հաշուեքննութիւն բանայ պետական բոլոր հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հանրային կեանքին մէջ ծառայող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն հաշիւներուն պարագային:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ այս կառավարութիւնը որոշած է իր գործունէութեան առանցքը դարձնել բարեկարգումներն ու երկրին ու քաղաքացիներուն բարօրութեան համար կատարուելիք աշխատանքները` առանց բացարձակապէս զբաղելու քաղաքական տարակարծութիւններով: «Այս շրջագիծին մէջ կ՛ուզեմ հաստատել, որ կառավարութիւնը կամ նախարարները բացթողում չեն արձանագրեր իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւններուն մէջ: Հետեւաբար Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի վստահուած պարտականութիւնները այլոց բացը լեցնելու քայլեր չեն, այլ` յստակ պարտականութիւններ, որոնք Լիբանանի պատմութեան ընթացքին միշտ ալ վստահուած են Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէններուն, որոնք հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են լուրջ հարցեր լուծելու իմաստով», ընդգծեց ան:

Ան հաստատեց, որ իր անձնական կարծիքով` Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը հետեւանք է կուտակուած պարտքերու, որդեգրուած սխալ քաղաքականութեանց եւ ազատական տնտեսութեան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան կոչ ուղղեց շահագործող ամէնէն փոքր առեւտրականէն մինչեւ ամէնէն մեծ ներածողը հաշուետուութեան ենթարկել:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը ամբաստանութիւն պէտք չէ նկատել: «Անշուշտ կառավարութեան մէջ իմ ներկայութիւնս քաղաքացիական ընկերութեան ներկայութիւն է, բայց եւ այնպէս հպարտ եմ, որ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ ՀՅԴ-ի եւ հայկական միւս կուսակցութիւններուն հետ», նշեց ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն ընթացքին լիբանանահայ համայնքը եղած է միակ կողմը, որ հաստատած է, թէ պատրաստ է ստանձնելու որեւէ նախարարութիւն, որովհետեւ անոր հիմնական նպատակը երկիրը անիշխանութենէ փրկելն է:

«Իրապէս ալ հայ համայնքին կողմէ ամէն ջանք ի գործ դրուած է` յաջողցնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը: Եւ իբրեւ այդպիսին եւ իբրեւ կառավարութեան կրտսերագոյն անդամը, ես նախարարաց խորհուրդին մէջ կը ներկայացնեմ երիտասարդութեան ձայնը: Գիտենք որքան դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք, գիտենք որքան յուսախաբ էք, գիտենք որքան թերահաւատ էք պետութեան եւ իշխանութիւններուն նկատմամբ, բայց Լիբանանը ձեզի կը պատկանի: Դուք պիտի մնաք երկրին մէջ, այս երկիրը ձեզի է: Իսկ քաղաքական բոլոր ուժերուն կ՛ըսեմ, որ կացութիւնը անհանդուրժելի է եւ գործակցութիւնը` անհրաժեշտութիւն», եզրափակեց նախարար Օհանեան-Գէորգեան:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?