Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՉ

August 6, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքին անունով, ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին եւ լիբանանահայութեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումին պատճառով արձանագրուած մարդկային, բարոյական եւ նիւթական անգնահատելի կորուստին եւ վնասներուն համար:

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անմեղ զոհերու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն, կամք ու կորով` լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, դժուարին այս պայմանները յաղթահարելու համար:

Անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ Լիբանանի մեր գաղութը եղած է, է՛ ու կը մնայ հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ օղակը, որ մի՛շտ ու անվերապահօրէն իր առաւելագոյնը նուիրաբերած է մեր ժողովուրդի հաւաքական բագինին, եւ մղձաւանջային պայմաններու բերումով այսօր ի՛նք կը գտնուի աննախընթաց լրջագոյն մարտահրաւէրներու դիմաց: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին երկրին մէջ տիրող քաղաքական անկայունութիւնը, ընկերային-տնտեսական-ելեւմտական ճգնաժամը, թագավարակը եւ այս բոլորին զուգահեռ սարսափելի պայթումը իրաւամբ դարձած են անտանելի այլեւս ու անհասկնալի` մարդկային բանականութեան համար:

ՀՅԴ Բիւրոն, ահասարսուռ պայթումի առաջին իսկ վայրկեանէն մնայուն կապի մէջ է Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ եւ մօտէն կը հետեւի դէպքերու զարգացումին: Հարուածը եւ ստացուած մարդկային, բարոյական ու նիւթական վնասը աննախադէպ են:

Վստահ ենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի մեր պետութիւնները գործնապէս օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերեն լիբանանահայ համայնքին:

Կոչ կ՛ուղղենք հայրենի եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին` ամուր կանգնելու լիբանանահայութեան կողքին, ճգնաժամի այս պահուն:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բոլոր մարմինները, ինչպէս նաեւ մեր ուղեկից միութիւնները` ՀՕՄ, Համազգային, ՀՄԸՄ, իրենց ամբողջ ներուժը արդէն իսկ զօրաշարժի ենթարկած են, ի խնդիր Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, պահը լուրջ է: Խիստ անհրաժեշտ է, որ ազգովին, համահայկական ներուժով դիմագրաւենք այս արհաւիրքը եւ անգամ մը եւս ապացուցենք մէկ ու միասնական ազգ ըլլալու մեր հաւատամքը:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

5 օգոստոս 2020

 

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Յաջորդը

Միջազգային Կեցուածքներ` Պէյրութի Պայթումին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.