Դատարանը Մերժեց Գագիկ Ծառուկեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի` Շէնգաւիթի նստավայրի դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանը մերժեց վարոյթ իրականացնող մարմինի` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին երկու ամիսով կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Նշենք, որ միջնորդութեան քննութիւնը տեւած է 3 օր: Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 154.2 յօդուածով (ընտրողի կողմէ թեկնածուներէ, կուսակցութիւններէ (կուսակցութիւններու դաշինքներէ), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններէ կաշառք ստանալը կամ թեկնածուներու, կուսակցութիւններու (կուսակցութիւններու դաշինքներու), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններու...




















