Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Սեւրի Պայմանագիրը Այսօր Ալ Կը Մնայ Կարեւոր Փաստաթուղթ` Հայկական Հարցի Արդարացի Լուծման Հասնելու Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքին Առումով»

Օգոստոս 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական «Ալ Ազմինա» թերթը հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը:

Ստորեւ կը հրապարակենք Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակին վերաբերող թերթին հարցումներն ու նախագահ Սարգսեանին պատասխանները:

«ԱԼ ԱԶՄԻՆԱ».- Պարո՛ն նախագահ, 10 օգոստոսին կ՛ամբողջանայ Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին ընթացքին ստորագրուած էր մէկ կողմէ Անտանտի յաղթող 13 երկրի, միւս կողմէ պարտուած Օսմանեան կայսրութեան միջեւ: Պայմանագիրը կը նախատեսէր լուծել տասնամեակներով այնքան չարչրկուած Հայկական հարցը եւ վերջ տալ հայոց տառապանքներուն: Ի՞նչ կ՛ըսէք այդ մասին:

Ա. Ս.- Սեւրի պայմանագիրը իր բնոյթով խաղաղութեան պայմանագիր էր, եւ այդ առումով, իրապէս, անիկա կրնար արմատապէս լուծել մեր տարածքի ամէնէն խրթին հարցերէն մէկը` Հայկական հարցը:

Սեւրի պայմանագրին նախորդած էր փետրուար-ապրիլ 1920-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած առաջին համաժողովը, ուր ընդունուած էր քաղաքական որոշում այն մասին, որ պէտք է ստեղծել մէկ, միասնական հայկական պետութիւն: Միաժամանակ, իբրեւ հայոց պետականութեան խարիսխ ճանչցուած էր արդէն իսկ Փարիզի վեհաժողովին կողմէ 19 յունուար 1920-ին Տէ ֆաքթօ ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն պիտի միացուէին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի որոշ տարածքներ:

Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրով Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն: Թուրքիան ու Հայաստանը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ (վիլայէթներ) երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը ձգել Միացեալ Նահանգներու որոշումին (նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին, որուն 100-ամեակը նոյնպէս կը լրանայ յառաջիկայ 22 նոյեմբերին), եւ ընդունիլ ինչպէս անոր որոշումը անմիջապէս, նոյնպէս եւ բոլոր առաջարկները` Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներուն ապառազմականացման վերաբերեալ:

«ԱԼ ԱԶՄԻՆԱ.- Սակայն Սեւրի պայմանագիրը մնաց թուղթի վրայ…

Ա. Ս.- Աւելի ճիշդ, Սեւրի պայմանագիրը չարժանացաւ լիակատար վաւերացման (հետեւաբար կը մնայ անկատար (unperfected) եւ, ճիշդ է, Հայաստանի մասով որոշումները միջազգային քաղաքական իրադրութեան փոփոխութեան պատճառով չեն իրականացած, սակայն անիկա նաեւ երբեւէ չեղեալ չէ յայտարարուած:

Սեւրի պայմանագիրը օրինական, միջպետական, նաեւ Տէ ֆաքթօ գործող փաստաթուղթ է, քանի որ այս փաստաթուղթին վրայ խարսխուած եղած են կամ ասկէ ածանցուած են միջինարեւելեան շարք մը երկիրներու Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող որոշ ժամանակահատուածի կամ ներկայի կարգավիճակները, մասնաւորապէս` Սուրիոյ (ներկայիս` Սուրիա-Լիբանան) եւ Միջագետքի (ներկայիս` Իրաք-Քուէյթ), Պաղեստինի (ներկայիս` Իսրայէլ եւ Պաղեստինի իշխանութիւններ), Հեճազի (ներկայիս` Սէուտական Արաբիա), Եգիպտոսի, Սուտանի, Կիպրոսի, Մարոքի, Թունուզի եւ Լիպիոյ:

Այս շարքին մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդի համախմբման իր պատմական տարածքներուն վրայ:

Անիկա կրնար մասամբ դարմանել 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին հասցուած վնասները` ատով պայմաններ ստեղծելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ մեր տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման:

Սակայն սեպտեմբեր 1920-ին քեմալականներու սանձազերծած արշաւանքը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ աւարտեցաւ Հայոց անկախ պետականութեան վերացումով եւ Հայաստանի խորհրդայնացումով:

Այսպիսով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարը` մէկ պետական կազմաւորման մէջ միաւորելու բաժնուած Հայաստանի մասերը, չպսակուեցաւ յաջողութեամբ:

Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհով մէկ սփռուած ամբողջ հայ ժողովուրդը կը մնան ժառանգը եւ տէրը իրենց հազարամեակներու պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան: Ի՛նչ ալ ըրած են եւ ընեն, ինչքա՛ն ալ ժխտեն ակնյայտ փաստերը, ինչքա՛ն ալ պատմական Հայաստանի տարածքներուն մէջ ոչնչացնեն եւ ջնջեն հայոց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան նիւթական յուշարձանները եւ հայերուն հետքերը, անոնք չեն կրնար ոչնչացնել հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը:

Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը այսօր ալ կը մնայ իբրեւ կարեւոր փաստաթուղթ` Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքին առումով:

«ԱԼ ԱԶՄԻՆԱ».- Կայ տարածուած տեսակէտ, թէ 1923-ի Լոզանի պայմանագիրը չեղեալ նկատած է Սեւրի պայմանագիրը:

Ա. Ս.- Բնաւ այդպէս չէ եւ չէր կրնար այդպէս ըլլալ: Լոզանի պայմանագիրին մէջ ո՛չ միայն նման չեղեալ նկատում չկայ, այլեւ նոյնիսկ Սեւրի պայմանագիրի մասին յիշատակում չկայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ ստորագրած, հետեւաբար մաս չէ Լոզանի պայմանագիրին: Ըստ այդմ, անիկա որեւէ պարտաւորութիւն չի ստեղծեր Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Այս իրավիճակին մէջ կը գործէ միջազգային իրաւունքի Res inter alios acta (մաս չես, պարտաւոր չես) սկզբունքը: Սեւրի պայմանագիրը եւ Լոզանի պայմանագիրը երկու տարբեր իրաւական փաստաթուղթեր են:

 

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ուղերձը` Սեւրի Պայմանագիրի Ստորագրման 100-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովի Մասնակիցներուն

Յաջորդը

Հայրենի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?