Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագրի 100-ամեակին Առիթով Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-Ռ.Ա.Կ. Միացեալ Յայտարարութիւն

Օգոստոս 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր կը լրանայ Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան` Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան հարիւրամեակը:

 

Սեւրի դաշնագիրը միակ դաշնագիրն է, որ ստորագրուած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հայկական կողմի ազա՛տ կամքով: Սեւրի դաշնագիրը ո՛չ միայն Թուրքիան կը ճանչնայ իբրեւ պատասխանատու նախօրէին անոր գործադրած պատերազմի օրէնքներու դէմ ոճիրներուն համար, ո՛չ միայն Թուրքիայէն կը պահանջէ քայլեր` այդ ոճիրին գործադրութեան անմիջական մասնակիցները պատժելու գործընթացները դիւրացնելու համար, ոչ միայն Թուրքիայէն կը պահանջէ չեղեալ ու առ ոչինչ հռչակել 1915-ին որդեգրուած «Լքեալ գոյքերու» վերաբերեալ օրէնքն ու յաւելուածները եւ անհատական թէ համայնքային սեփականատէրերուն վերադարձնելու բռնագրաւուած բոլոր կալուածները, այլ նաե՛ւ իրաւական հիմք կու տայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին կատարուած իրաւարարութեան դիմումին:

Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին, Թուրքիան շարունակեց եւ կը շարունակէ ուրանալ մարդկութեան դէմ իր գործադրած ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութիւնը, խուսափեցաւ եւ կը շարունակէ խուսափիլ իբրեւ յանցագործ իր պատասխանատուութենէն ու պարտաւորութիւններէն, Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ 1991 թուականէն սկսեալ որդեգրած է թշնամական վերաբերմունք, իսկ վերջին օրերուն սաստկացուցած է Հայաստան-Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան դէմ իր հռետորաբանութիւնը եւ ռազմական հաւանական ոտնձգութիւններու նախապատրաստութիւնը:

Սեւրի դաշնագիրը վաւերական միջազգային պայմանագիր է, թէեւ չէ վաւերացուած բոլոր ստորագիր կողմերուն կողմէ, բայց նաեւ իրաւականօրէն չէ փոխարինուած այլ միջազգային փաստաթուղթով: Առնուազն Հայ դատի` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ազգի իրաւունքներու տեսանկիւնէն կը շարունակէ մնալ միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած պարտամուրհակ:

Առաւել` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի 22 նոյեմբեր 1920-ին հրապարակուած Իրաւարար վճիռը կը շարունակէ մնալ Հայաստան-Թուրքիա իրաւական սահմանը գծող միջազգային միակ փաստաթուղթը:

Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութենէն 100 տարի ետք, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ թշնամական տրամադրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան հանդէպ: Մինչեւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրին մէջ տեղ գտած միջազգային իրաւունքի նախադրեալներ կազմող կէտերուն վրայ հիմնուած Թուրքիոյ պարտաւորութիւններուն ամբողջական կատարումը, Թուրքիան պարտաւոր է`

ա) Դադրեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան 27-ամեայ անօրինական ցամաքային շրջափակումը.

բ) Դադրեցնել յատկապէս վերջին շրջանին Հայաստանի դէմ ուղղուած իր ռազմատենչ քայլերը.

գ) Դադրեցնել իր ընդհանրապէս հակահայ քաղաքականութիւնը Թուրքիայէն ներս (ներառեալ մեր պատմական ու բռնագրաւուած հողերուն վրայ, թէ դուրս,  Ցեղասպանութեան հետեւանքով ձեւաւորուած հայկական գաղութներուն դէմ:

Համոզուած ենք, որ պիտի գայ օրը, երբ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակ եւ պատասխանատու, Թուրքիան պիտի կրէ իր պատասխանատուութիւնը եւ պիտի հատուցէ հայ ժողովուրդին բոլոր կորուստները:

Կը յայտարարենք, որ ինչպէս անցեալին, ապագային եւս մենք, հայկական քաղաքական այլ ուժերու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ գործակցաբար, պիտի շարունակենք մեր պայքարը` մինչեւ պատմական արդարութեան վերականգնումը:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

10 օգոստոս 2020

Նախորդը

Հայրենի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յաջորդը

Փայլան` Չաւուշօղլուին. «Չէ՞ք Ամչնար Բազմազգ Պէյրութի Մէջ Ցեղապաշտութիւն Դրսեւորելէ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?