«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ երէկ երեկոյեան Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը` նախագահող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, բաւարարեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու վերաբերեալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննիչի միջնորդութիւնը: Այս մասին յայտնեցին անոր պաշտպանները: Ծառուկեան երկու ամիս պիտի մնայ կալանքի տակ: