Երէկ՝ 27 սեպտեմբերին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակումին՝ հաստատելով, որ բոլորս հայոց բանակի զինուոր ենք ու պատրաստ՝ հայրենիքին համար պայքարելու։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.-
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Այսօր առաւօտեան ազրպէյճանական բանակը Արցախի հետ շփման ողջ երկայնքով անցել է յարձակման: Հերթական անգամ Ազրպէյճանը սանձազերծել է պատերազմական գործողութիւններ: Մեր յաղթանակի գրաւականն է ամուր թիկունք, ժողովրդի համախմբում, միասնականութիւն:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր ողջ համահայկական կարողականութեամբ եւ վճռականութեամբ կանգնած է հայոց բանակի կողքին: Այս պահից մենք բոլորս հայոց բանակի զինուորն ենք եւ պատրաստ ցանկացած մարտական առաջադրանքի: Համոզուած ենք. այս ճակատամարտում եւս հայ ժողովուրդը կ’արձանագրի իր յաղթանակը»:



