Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկումներուն ընթացքին եւ անդրադարձաւ յատկապէս ղարաբաղեան տագնապին եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան:
Փաշինեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ հիմնական մարտահրաւէրը` «Քորոնա» համավարակը, որ մեծ ազդեցութիւն ունի մարդկային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ շեշտեց, որ մարտահրաւէրները լուծելու համար անհրաժեշտ է, որ բոլոր պետութիւնները վերադառնան արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան եւ միջազգային համագործակցութեան դաշտ` ՄԱԿ-ի հովանիին տակ:
Ան վերահաստատեց Հայաստանի միանշանակ աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին` համաշխարհային զինադադար հաստատելու կոչին եւ «Քորոնա»-ի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2532 բանաձեւին, որ կը պահանջէ մարտական գործողութիւններու ընդհանուր եւ անյապաղ դադրեցում բոլոր իրավիճակներուն մէջ:
Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ, հակառակ այս ժահրին դէմ մղուող համաշխարհային պայքարին, տակաւին կայունութեան սպառնացող փորձեր կան` յիշելով յուլիսին Ազրպէյճանի ձեռնարկած հերթական յարձակողական գործողութիւնը Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ: Վարչապետ Փաշինեան մանրամասնութիւններ տուաւ այս մասին` նշելով, որ Հայաստան շուտով կոչ ուղղեց լարուածութեան թուլացման, այդուհանդերձ Ազրպէյճան շարունակեց գետնի վրայ իր գործողութիւնները, իսկ Ազրպէյճանի իշխանութիւններն ալ աւելի սաստկացուցին իրենց ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը` հատելով քաղաքակիրթ պատկերացումներու բոլոր սահմանները:
«Յուլիսեան մարտերն ի դերեւ հանեցին Ազրպէյճանի ռազմական գերազանցութեան մասին առասպելը եւ հաստատեցին, որ ղարաբաղեան տագնապը ռազմական լուծում չունի: Ազրպէյճանի ղեկավարութեան համար շատոնց հասունցած է այդ փաստը ընդունելու անհրաժեշտութիւնը, ուստի անոնք պէտք է հրաժարին ուժի գործադրումէն եւ սպառնալիքներէ` բանակցութիւններու միջոցով տագնապի խաղաղ լուծման շրջագիծին մէջ», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման իր հաւատարմութիւնը` դիտել տալով, որ խաղաղութեան գործընթացը պէտք է հիմնուած ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, որ ճանչցուած է միջազգային հանրութեան եւ միջազգային միջնորդներու, յատկապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ: «Այս իրաւունքի ուժով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է կարենայ առանց սահմանափակումներու որոշել իր կարգավիճակը: Այդ իսկ պատճառով, նրանց ընտրած իշխանութիւնները պէտք է կարենան մասնակցիլ բանակցութիւններուն: Տագնապի գօտիին մէջ բնակող մարդոց խնդիրներն ու կարիքները պէտք է դառնան բանակցութիւններու օրակարգի գերակայութիւն», դիտել տուաւ ան:
Ըստ անոր, Հայաստանի համար այլ առանցքային գերակայութիւն է անվտանգութեան գոյաբանական սպառնալիքներու ենթարկուող Արցախի ժողովուրդին համապարփակ անվտանգութեան ապահովումը,
ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու յարգումը:
Ապա Հայաստանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ յուլիսին կացութեան սրացման ընթացքին միջազգային հանրութեան կողմէ հնչող կոչերը հիմնականին մէջ կը վերաբերէին զինադադարի դրութեան պահպանման, երկխօսութեան եւ կողմերու զսպման: Բայց եւ այնպէս, տարածաշրջաններուն մէջ իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու ապակայունացնող քաղաքականութեան միանգամայն համահունչ` Թուրքիան, ջանք ու եռանդ չխնայեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւս լարուածութիւնը աւելցնելու, նաեւ` Միջերկրական ծովու արեւելքը, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
«Ազրպէյճանին իր միակողմանի աջակցութեամբ եւ այնտեղ ռազմական ներկայութեան ընդլայնումով` Թուրքիան կը վիժեցնէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակին ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութիւնները:
«Թուրքիան ուղղակիօրէն կը սպառնայ Հայաստանին եւ ցուցադրաբար մարտաշունչ կեցուածք կը դրսեւորէ` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական դրացնութեամբ Ազրպէյճանի հետ կազմակերպելով սադրիչ բնոյթի միացեալ ռազմափորձեր: Թուրքիան իր քաղաքականութիւնը կը կառուցէ մեր շրջանին մէջ ազգակցական աւանդութիւններու, հակամարտութիւններու շահագործման, Հայոց ցեղասպանութեան արդարացման եւ այդ յանցագործութեան անպատժելիութեան վրայ: Թուրքիան անվտանգութեան սպառնալիք է Հայաստանին եւ շրջանին համար», յայտնեց Փաշինեան` շեշտելով, որ այս պարունակին մէջ Հայաստան պիտի շարունակէ աշխուժ կերպով ներգրաւուիլ շրջանային եւ միջազգային ջանքերուն մէջ` երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու համար:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ դիտել տուաւ, որ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը միշտ ալ բացարձակ առաջնահերթութիւն եղած է Հայաստանի համար: «Իբրեւ ցեղասպանութեան սարսափներ վերապրած ժողովուրդ` մենք բարոյական պատասխանատուութիւն ունինք մարդկութեան առջեւ` պահպանելու ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը եւ նպաստելու այդ սարսափելի ոճիրի կրկնութեան կանխարգիլման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերուն», յայտնեց ան` հաստատելով Հայաստանի աջակցութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման օրակարգին վերաբերեալ կառավարութիւններու, խորհրդարաններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, ակադեմական շրջանակներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ ներառական երկխօսութեան հարթակներու ստեղծման:



