Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «8 Հոկտեմբերի Հանրահաւաքի Գլխաւոր Պահանջը Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններն Են»

Սեպտեմբեր 25, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ 8 հոկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած համապետական հանրահաւաքի գլխաւոր պահանջը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններն են, որոնց հասնելու համար անհրաժեշտ է վարչապետին հրաժարականը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բացառեց, թէ որեւէ կապ կայ Գագիկ Ծառուկեանի կալանաւորման հարցով դատական նիստին եւ հանրահաւաքին միջեւ:

«Այս ամբողջ ժամանակահատուածին բազմաթիւ անգամներ ըսած ենք, որ, այո՛, երբ արտակարգ դրութիւնը վերանայ, մենք պիտի օգտուինք նաեւ հանրահաւաքներ, երթեր, ցոյցեր կազմակերպելու մեր սահմանադրական իրաւունքէն: Այս ժամանակահատուածին մենք նաեւ պարբերաբար խօսած ենք այդ մասին եւ ընդամէնը քանի մը օր առաջ որոշած ենք հանրահաւաքի օրը, հիմա ատիկա կապելը անմիջական դատավարութեան հետ ճիշդ չէ: Մենք ալ հակառակը կ՛ըսենք, որ այս իշխանութիւնը կը շարունակէ այդ ճամբով, այդ քրէական գործերով, հետապնդումներով փորձել լռեցնել իր ընդդիմախօսները եւ ընդդիմադիր դաշտը», յայտնեց Սաղաթէլեան:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը կարծէ, թէ քաղաքական 3 ուժերը պիտի կարենան բազմամարդ հանրահաւաք կայացնել, քանի որ օրակարգը օդէն չեն առած, այլ զայն կառուցած են հանրային դժգոհութիւններու եւ իրենց գնահատումներու հիման վրայ: Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի համոզումով` իշխանութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ ձախողած է, կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը այլեւս ի վիճակի չեն դիմագրաւելու երկրին դիմաց ծագած մարտահրաւէրները, կայ իրաւացի դժգոհութիւն հասարակական տարբեր շերտերու մէջ, եւ մարդիկ փողոց պիտի իջնեն:

Նախորդը

Սահմանադրական Դատարանի Նախագահի Միակ Թեկնածուն Դատաւոր Երուանդ Խունդկարեանն Է

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէա Հարաւային Քորէացի Պաշտօնատար Մը Սպաննած Եւ Անոր Դիակը Հրկիզած Է

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?