Թրքական «Էֆ-16» Օդանաւ Մը Կը Խոցէ Հայկական
Օդուժին Պատկանող «Սու-25» Տիպի Օդանաւը
29 սեպտեմբերին եւս, մարտերը յատկապէս թէժ եղան Արցախի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններուն մէջ: Ըստ հայկական պաշտօնական տուեալներուն, հայկական կողմը օրուան ընթացքին արձանագրեց զգալի յաջողութիւններ եւ խոցեց զինուժ եւ կենդանի ուժ:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար Արթուր Սարգսեան 29 սեպտեմբերի երեկոյեան յայտնեց, որ նոյն օրը արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի մարտական գործողութիւններուն ընթացքին Ազրպէյճան կորսնցուցած է աւելի քան 500 զինուոր, 17 հրասայլ, 4 զրահափոխադրիչ, 3 այլ ծանր զրահամեքենայ, 13 անօդաչու սարք:
Ան տեղեկացուց, որ ռազմաճակատի տարբեր ուղղութիւններով պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները արձանագրած են զգալի յաջողութիւններ` վերադարձնելով նախապէս կորսնցուցած որոշ դիրքեր:
Ըստ փոխհրամանատարին, թշնամին աշխուժ կերպով գրոհած է այն ուղղութիւնները, ուր նախապէս ունեցած է յաջողութիւններ, սակայն հայկական բանակը վճռականօրէն հակահարուած տուած է թշնամիին` ձախողեցնելով անոր յառաջխաղացքը բոլոր ուղղութիւններով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանական կողմը 29 սեպտեմբերի կանուխ առաւօտուն վերսկսած է լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւնները Արցախի պաշտպանութեան բանակի պաշտպանական գիծի գրեթէ ամբողջ երկայնքին` առանձին ուղղութիւններով օգտագործելով ՏՕՍ-1Ա ծանր հրանետային համակարգեր:
Աւելի ուշ ան տեղեկացուց, որ պաշտպանութեան բանակը խոցած է հակառակորդի զինամթերքով բեռնաւորուած մեքենաներու շարասիւն մը` արեւելեան ուղղութեամբ:
Ըստ անոր, պաշտօնական մակարդակով Ազրպէյճանի ներկայացուցած տուեալները` իբր թէ բարձրաստճան զինուորականներ զոհուած են, ու Մարտունիի զօրամասը ոչնչացած է, չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Շուշան Ստեփանեան նաեւ յայտնեց, որ 29 սեպտեմբերի առաւօտեան Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու «Էֆ-16» օդանաւի կողմէ Հայաստանի օդային տարածքին մէջ խոցուած է Հայաստանի բանակի ռազմաօդային ուժերու «ՍՈՒ-25» գրոհիչը: Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն պատկանող «Էֆ-16» կործանիչները օդ բարձրացած էին Ազրպէյճանի «Գեանջա» օդակայանէն եւ կ՛ապահովէին Ազրպէյճանի «Դալեար» օդակայանէն Հայաստանի Վարդենիսի տարածաշրջանի Վարդենիս, Մեծ Մասրիկ, Սոթք շրջաններուն մէջ տեղակայուած Հայաստանի բնակավայրերու եւ զինուած ուժերու ցամաքային ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի «ՍՈՒ-25» եւ թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար» անօդաչու սարքով ռմբահրթիռային հարուածները:
Օդաչուն, ցաւօք, հերոսաբար նահատակուած է: Թուրքիոյ «Էֆ-16» կործանիչը, ըստ դիտարկման, գտնուած է 60 քմ խորութեան, 8200 մեթր բարձրութեան վրայ»:
Երէկ` 29 սեպտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին հայկական կողմը ոչնչացուցած է թշնամիի 790 զինուոր, որոնցմէ 180-ը` Արցախի Քարվաճառի շրջանին ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը աւելցուց, որ այժմ մարտերը կը շարունակուին, հայկական կողմը յստակօրէն կը կատարէ իր մարտական խնդիրը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանի համաձան, Վարդենիսի ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկած է անօդաչու թռչող սարքեր եւ օդուժ: Վերջինը կիրարկուած է մարտական ուղղութիւններով:
Վարդենիսի մէջ թշնամիի գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհեր ու վիրաւորներ չեն արձանագրուած: Ան յիշեցուց, որ մարտերու առաջին օրը եւս Վարդենիսը թիրախ դարձած էր, այդպիսով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը թիրախաւորուած էր:
Վարդենիսի մէջ թիրախ դարձաւ նաեւ քաղաքացիական մարդատար մը, որ ամբողջութեամբ այրեցաւ:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան դատապարտեց թրքական «Էֆ-16»-ի կողմէ Հայաստանի զինուած ուժերու օդանաւի ջախջախումը` հաստատելով, որ բանակը պիտի դիմէ անհրաժեշտ ինքնապաշտպանական միջոցներու` հակամարտութեան գօտիին մէջ թրքական օդուժի գործողութիւններուն դէմ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն` մատնանշելով, որ Ազրպէյճան ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ` հող նախապատրաստելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վարդենիսի շրջանին ուղղութեամբ մարտական գործողութիւններու ձեռնարկման: Ան հերքեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքը` Հայաստանի Հանրապետութեան Վարդենիսի շրջանէն Ազրպէյճանի Դաշքեսանի շրջանը հրթիռակոծելու վերաբերեալ: